Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, ՀՅԴ ան­դամ, «Հա­յաս­տան» խմ­բակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Գե­ղամ Մա­նուկ­եան ըսաւ. «Եթէ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ամպի­ո­նը չըլ­լայ, 100  հրա­պա­րակ կայ: 30 տա­րի մեզ չեն կր­ցած լռեց­նել, հի­մա ալ չեն կր­նար լռեց­նել»:
Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ արդ­եօք նման վե­րա­բեր­մունք մը միայն «դա­ւա­ճան» բա­ռին հե՞տ կապ­ուած էր, Գե­ղամ Մա­նուկ­եան ըսաւ, որ չեն կր­նար ար­գի­լել որե­ւէ բառ, որուն հա­մար ինք պա­տաս­խա­նա­տու է, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ամպի­ո­նէն հն­չեց­նե­լու հա­մար:
Երեք­շաբ­թի, 26 Հոկ­տեմ­բե­րին,  Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի անվ­տան­գու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րը Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ­նա­խա­գահ Ռու­բէն Ռու­բին­եա­նին հրա­հան­գով ամպի­ո­նէն հե­ռա­ցու­ցին  պատ­գա­մա­ւոր Գե­ղամ Մա­նուկ­եա­նը, որով­հե­տեւ Խորհր­դա­րա­նի ամպի­ո­նէն ան կր­կին յայ­տա­րա­րեց, որ Ար­ցա­խը ու­րա­ցո­ղը դա­ւա­ճան է:
«Անց­նող 3 ամիս­նե­րուն Փա­շին­եա­նի երե­սին ալ ըսած եմ` հո­ղա­տու ես, դա­ւա­ճան ես, պի­տի շա­րու­նա­կեմ ըսել, որով­հե­տեւ ասի­կա հա­մո­զում է: Անոնք կար­միր գի­ծե­րը ան­ցած են, հայ­րե­նի­քի անվ­տան­գութ­եան, մեր ժո­ղո­վուր­դի մի­աս­նա­կա­նու­թեան, ար­ցա­խա­հա­յութ­եան իրա­ւունք­նե­րու կար­միր գի­ծե­րը ան­ցած են», ըսաւ Գ. Մա­նուկ­եան:
Ըստ Մա­նուկ­եա­նի, իրե­րը իրենց անու­նով պէտք է կո­չել, եւ ինք այդ­պէս ալ ըրաւ, Ար­ցա­խը ու­րա­նա­լը կո­չեց դա­ւա­ճա­նու­թիւն, քա­նի որ Հա­յաս­տա­նի մէջ բազ­մա­թիւ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ փո­խած Վի­գէն Խա­չատր­եա­նը օրերս ինքն իրեն թոյլ տուած էր ըսել, որ «Հա­յաս­տա­նի ապա­գան պայ­մա­նա­ւոր­ուած է Ար­ցա­խով» ձե­ւա­կեր­պու­մը սխալ է:
«Երե­ւի Ռու­բէն Ռու­բին­եա­նը չհաւ­նե­ցաւ, որ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ամպի­ո­նէն Ար­ցախ պաշտ­պա­նող պէտք է ըլ­լայ: Վի­գէն Խա­չատր­եա­նը ինք­նա­բե­րա­բար ու­րա­ցած է Ար­ցա­խը, ար­ցախ­եան հար­ցը, որուն պա­րա­գա­յին որե­ւէ խե­լա­միտ մարդ, այդ կար­գին ես եւ  տա­րե­կից­ներս, որոնք 30 տա­րի առաջ, ի տար­բե­րու­թիւն խա­չատր­եան­ վի­գէն­նե­րու, կանգ­նած են Ազա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ, պայ­քա­րած են Ար­ցա­խի հա­մար: Ռու­բէն Ռու­բին­եա­նը այդ­պի­սով նա­եւ ու­րա­ցաւ իր հօր՝ Կա­րա­պետ Ռու­բին­եա­նի պայ­քա­րը, որ ար­ցախ­եան շարժ­ման առա­ջին օրե­րէն եղած է պայ­քա­րին մէջ», ըսաւ Մա­նուկ­եան: