Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, «Յանուն Հայրենիքի» խորագրով ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյ մը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս։
Համերգին նպատակը հայ երիտասարդութիւնը ազգային երգի ճամբով հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի բագինին ինկած հերոսներուն աղերսելն էր:
Երեկոյին մասնակցեցան Համազգայինի նուագախումբը եւ մեներգողները, ղեկավարութեամբ՝ բժ. Ռաֆֆի Ապէճեանի ինչպէս նաեւ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ Վրէժ Թերզեանի։
 Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը, Պատկան Մարմինի, Ազգային Վարչութեան, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչները, Շուշիի  հալէպահայ նահատակներու ծնողները եւ հարազատները։
Օրուան հանդիսավար Գէորգ Աղպապեան ազգային պատգամներով մերթ ընդ մերթ վեր առաւ հայ ազատագրական շարժման հերոսներուն սխրանքներն ու հայրենիքի պաշտպանութեան հրամայականը:
Յայտագիրին ընթացքին բժ. Պերճ Գասապեան, մեթր. Խաչիկ Աշճեան, Մարինէ Մարգարեան, Ակաբէ Ֆրանքեան, Մեղեդի Բամպուքեան, Արման Տէր Պետրոսեան եւ Կարօ Գուշաքճեան մեներգեցին փունջ մը ազգային եւ յեղափոխական երգեր: Երգեցողութեան ընթացքին պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր իւրաքանչիւր երգի համապատասխան պատկերներ, յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելով երգերու հերոսներուն մասին։ Տպաւորիչ էր այն պահը, երբ ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին այն նահատակներուն յիշատակը, որոնք ծնան Սուրիոյ մէջ, զոհուեցան Շուշիի մէջ եւ իրենց վերջին հանգրուանը գտան եռաբլուրի պանթէոնին մէջ: Անոնց ոգին ներկայ էր սրահին մէջ, բեմին վրայ շողացող իրենց լուսանկարներէն կը խօսէին մեզի հետ, վճռակամութիւն կը ներշնչէին: Ապա հնչեց «Սիրիայից Շուշի» երգը, խօսք՝ Սագօ Պիւտիւզեանի եւ Յասմիկ Պալէեանի, երաժշտութիւն Յովիկ Ատուրեանի:
Սեւանայ Հալլաճեան ընթացքին հանդէս եկաւ Աւետիս Ահարոնեանի «Խոնարհ Հերոսներ» քերթուածով, իսկ «Շուշի» պարախումբի փոքրիկները իրենց մասնակցութեամբ նոր յոյս ներշնչեցին։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը: Ան շեշտեց, որ ազգային-յեղափոխական երգերով սերունդներ դաստիարակուեցան ու կը դաստիարակուին, մեր պատմութեան խորհուրդները այս երգերով նաեւ կը փոխանցուին մատղաշ սերունդներուն: Այս առիթով գնահատելի է Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան աշխատանքը՝ կենդանի պահելու հայ երգը: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ պատերազմի բովէն անցած այս սերունդը նոյն սիրով կը կառչի հայ երգին ու պարին, հարստացնելով իր ներաշխարհը: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց ելոյթ ունեցող արուեստագէտները, նուագախումբն ու անոր գեղարուեստական ղեկավարը, ինչպէս նաեւ պարախումբի անդամները, որոնք հալէպահայութեան ազգային երգերու այս տպաւորիչ հոյլը հրամցուցին՝ մեր մէջ վառ պահելու պահանջատիրութեան եւ մեր արմատներուն կառչած մնալու զգացումը:
Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով Արցախի մէջ նահատակ հալէպահայերու ծնողներուն ըսաւ. «Հպարտ ենք ձեզմով, որովհետեւ ձեր զաւակները իրենց կեանքը զոհեցին յանուն Հայաստանին ու Արցախին, իրենց արիւնով ու աճիւններով սրբացնելով Արցախը: Մենք հաւատարիմ պիտի մնանք անոնց կտակին՝ արդարութիւն պահանջելով անարդար այս աշխարհէն»:
Ժիրայր Կարապետեան