Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը արցախեան 44-օրեայ պատերազմին պատճառով Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Վարանդայի (Ֆիզուլի) մէջ մասնակցած են միջազգային օդակայանի բացման արարողութեան:
Այս առումով կատարուած թրքական տեղեկաsուական արտահnսքը nւնէր որnշ նպատակ: Ըստ «Ինթըրֆաքս»ի, Թուրքիոյ նախագահը Վարանդայի մէջ յայտարարած է, որ «Ներկայիս Հարաւային Կովկասի մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան հաստատման համար պայմանները բարենպաստ են աւելի քան երբեք»: Որուն ընդմէջէն, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը շաղկապած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ հարցերուն հետ: «Անհրաժեշտ է ձեռնարկել քայլերու, որոնք կը համապատասխանեն տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած նոր իրադրութեան: Մենք կողմ ենք կայուն խաղաղութեան ու բազմակողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման, բայց անոր համար անհրաժեշտ է որոշել պետական սահմանները եւ փոխադարձաբար ճանչնալ զանոնք: Այս իրողութեան վրայ պէտք է հիմնուին յարաբերութիւնները: Այդօրինակ հարցերուն մէջ Հայաստանին անհրաժեշտ է քաղաքական կամք՝ Ատրպէյճանի հետ իր հարցերը լուծելու համար: Եւ եթէ Հայաստան անկեղծ կամք ցուցաբերէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ոչ մէկ խոչընդոտ կը մնայ», ըսած է Էրտողան Ատրպէյճանի նախագահին հետ Վարանդայի մէջ կազմակերպուած միատեղ ասուլիսի ընթացքին: Էրտողան աւելցուցած է, որ Հայաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններէն անցնող մեքենաներու ճամբաներն ու երկաթուղագիծերը տնտեսական ու առեւտրային յարաբերութիւններ կը ստեղծեն ոչ միայն Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ, այլեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար:
Թուրքիոյ նախագահը յստակ նախապայմաններով սկսած է խօսիլ, յուսալով որ հայկական կողմը կուլ կու տայ տնտեսական շահերու պատրուակով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սահմանները ճանչնալու ծուղակը:
Վերլուծաբաններ կը հաստատեն, որ Թուրքիոյ նախագահը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Մոսկուայի ու Կարսի դաշնագիրներուն օրինականութիւնը ապահովելու եւ Հայաստանը մղելու պատմական, հողային իր իրաւունքներէն հրաժարելու: