Եօ­թը տա­րի առաջ, երբ հե­ռա­ցայ ծնն­դա­վայ­րէս, են­թադ­րե­ցի թէ ան­գամ մըն ալ պի­տի չվե­րա­դառ­նամ, կամ երբ վե­րա­դառ­նամ հա­րա­զատ­ներս ու բա­րե­կամ­ներս հոն պի­տի չգտ­նեմ:
Եօ­թը եր­կա՜ր տա­րի­ներ… նոր եր­կիր, նոր մշա­կոյթ, դժ­ուար լե­զու, տար­բեր բար­քեր ու սո­վո­րու­թիւն­ներ: Կեանքս զա­ռի­վեր կ’ուղղ­ուէր, յոգ­նե­լով կանգ կ’առ­նէի, որ շա­րու­նա­կեմ: Ի վեր­ջոյ բախ­տը ժպ­տե­ցաւ ին­ծի ու Հա­լէպ այ­ցե­լե­ցի:
Ին­ծի հա­մար կեան­քի մէջ ամէն բան հե­տեւ­եալ երեք սահ­մա­նում­նե­րէն ծնունդ կ’առ­նէ՝ մտա­ծում­ներ, զգա­ցում­ներ ու ցան­կու­թիւն­ներ. եթէ այս երե­քը ու­նե­նանք, կը հաս­նինք մեր նպա­տա­կին:
Հա­լէ­պը շա­տե­րու հա­մար պարզ, տա­փակ, մոխ­րա­գոյն ու սահ­մա­նա­փակ ապ­րուս­տով յատ­կան­շուող քա­ղաք մը, վայր մըն է պար­զա­պէս: Անոնք, սա­կայն, կը սխա­լին: Հա­լէ­պը ծո­վի նման հան­դարտ է երե­ւու­թա­պէս, սա­կայն իր խոր­քը մեծ իմաս­տու­թիւն կը թաքց­նէ: Հա­լէ­պը դժ­ուար դպ­րոց մըն է, որ­մէ շր­ջա­նա­ւարտ դար­ձո­ղը ուր ալ դնէք կը ծաղ­կի: Հա­լէ­պը փակ տուփ մըն է, եթէ իմա­նանք զայն բա­նա­լու գաղտ­նի­քը, կ’օժտ­ուինք իմաս­տու­նի, դիւա­նա­գէ­տի փոր­ձա­ռու­թեամբ:
Հա­լէ­պը ար­ժէք մըն է. զայն գնա­հա­տող­նե­րը միայն կր­նան պա­րար­տա­նալ իր հարս­տու­թեամբ: Հա­լէ­պը… Հա­լէ­պը… հա­րա­զատ, տա­քուկ, մտե­րիմ գիրկն է իր­մէ ծնո­ղին:
Եօ­թը եր­կար տա­րի­ներ ետք, երբ Հա­լէպ վե­րա­դար­ձայ, ին­ծի թուե­ցաւ, թէ եր­բեք չէի հե­ռա­ցած ան­կէ.  ձգած տե­ղէս շա­րու­նա­կե­ցի ան­քակ­տե­լի կապս վեր­հիւ­սել: Տա­րօ­րի­նակ պատ­կեր՝ նոյն շէն­քե­րը, նոյն դէմ­քերն ու փո­ղոց­նե­րը: Սկ­սայ ամ­բողջ կա­րե­լիու­թեամբս յափշ­տա­կել քա­ղա­քին ջեր­մու­թիւնը, զայն կա­թիլ առ կա­թիլ լեց­նե­լով պարպ­ուած էու­թեանս մէջ: Հա­րա­զա­տի մը ժպի­տը, գր­կա­խառ­նում մը, գա­ւաթ մը սուր­ճի շուրջ զրոյց մը, կա­րօ­տով լե­ցուն թաց աչ­քե­րու գգ­ուան­քը, գինիի  բա­ժա­կի հպում­նե­րը, Սր­բոց Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր եկե­ղեց­ւոյ քա­րե­րէն տա­րա­ծուող խուն­կի բուր­մուն­քը՝ դէ­պի եր­կինք բարձ­րա­ցու­ցին զիս:
Հա­լէ­պէ՛ն հաս­տա­տա­պէս ծնունդ առած է մարդ­կու­թիւնը: Հո՛ն, պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով բա­զում կո­րուստ­ներ կան ար­ձա­նագր­ուած, սա­կայն գօ­տեպնդ­ուե­լու ար­ուես­տը միա՛յն Հա­լէ­պի մէջ մնա­յուն է:
Այո՛, ճիշդ է որ քա­ղա­քը նա­խա­պա­տե­րազմ­եան իր փայլ­քը կորսն­ցու­ցած է, առատ ու աժան վա­ռե­լա­նիւթ, թա­ղին մէջ վա­ճա­ռուող ու մին­չեւ տուն մա­տա­կա­րա­րուող կա­զի տա­կառ­ներ, մա­քուր ու լու­սա­ւոր փո­ղոց­ներ, Ճը­տէյ­տէ թա­ղա­մա­սի ու բեր­դի շր­ջա­կայ­քի շռայ­լու­թիւն… չկան այս օրե­րուն:  Հա­լէ­պը դար­ձած է 80-ական թուա­կան­նե­րու քա­ղա­քը: Վս­տա՛հ եմ, սա­կայն, որ պի­տի բա­րե­լաւ­ուի ու աւե­լի շէն դառ­նայ ան, որով­հե­տեւ  հոն կ’ապ­րին հաս­տա­տա­կամ ու տո­կուն մար­դիկ:
Հա­լէպ իր ամ­բողջ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րով մէկ­տեղ կը մնայ իր զա­ւակ­նե­րուն իտ­է­ա­լա­կան վայ­րը:
Ծովիկ Կարապետեան