Մեր գիր­քե­րու ան­դաս­տա­նին մէջ քա­նի մը հա­տո­րով իր ու­րոյն տե­ղը ստեղ­ծած-գրա­ւած է Հա­լէպ ծնած, քա­նի մը ցա­մա­քա­մաս «ոտ­քի տակ առած» եւ այդ շր­ջան­նե­րէն գողտ­րիկ ու սր­տա­մօտ էջեր քա­նի մը հա­տո­րի մէջ ար­ձա­նագ­րած հա­յոր­դի մը, որ կը կոչ­ուի Դանի­էլ Թիւ­ֆէնքճ­եան: Վեր­ջերս, ան (Քա­լի­ֆորն­իոյ Սի­մի Վէ­լի շր­ջա­նէն) լոյս ըն­ծա­յած է  իր առօր­եա­յէն, միտ­քէն ու հոգի­էն բխած 6-րդ «զա­ւակ»՝ հա­տոր մը, որ կը կրէ «Ակո­րա» խո­րա­գի­րը: Մաս կը կազ­մեմ այն բախ­տա­ւոր­նե­րուն, որոնք մա­կագր­եալ օրի­նակ մը ստա­ցան ան­կէ:
Առա­ջին տար­բե­րու­թիւնը, որ, նա­խորդ­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ՝ կը գրա­ւէ ըն­թեր­ցո­ղին ու­շադ­րու­թիւնը, հե­ղի­նա­կի ան­ուան (նս­տած է կող­քին ճա­կա­տը) մէջ Վա­րու­ժան ան­ուան յա­ւե­լումն է. Դանի­էլ Վա­րու­ժան Թիւ­ֆէնքճ­եան: Քիչ ետք, ըն­թեր­ցո­ղը գիր­քի մէկ էջին կը գտ­նէ անոր բա­ցատ­րու­թիւնը. Մեծն Դանի­էլ Վա­րու­ժա­նի ան­ուան այս բա­ժի­նին յա­ւե­լու­մը, հե­ղի­նա­կին իսկ խոս­տո­վա­նութ­եամբ, յա­ւել­եալ յանձ­նա­ռու­թեան մը, հա­ւա­տար­մու­թեան մը խորհր­դա­նիշն է:
Երկ­րորդ ու­շագ­րաւ տար­բե­րու­թիւնը այն է, որ հա­տո­րը չու­նի դա­սա­կան գիր­քե­րու կազ­մը (ինչ­պէս որ էին Թիւ­ֆէնքճ­եա­նի նա­խորդ հա­տոր­նե­րը): Անի­կա տպա­րա­նէ չէ ծնած, այլ կազմ­ուած է սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րով, այ­սինքն, էջադր­ուած հա­տո­րը լոյս տե­սած է ըն­թա­ցիկ տպի­չի մի­ջո­ցով բազ­մա­ցու­մով: Կող­քին, տե­ղադր­ուած է առեւտ­րա­կան շու­կա­յի մը, պարզ խօս­քով՝ դա­սա­կան պա­զա­րի մը պատ­կե­րը, որ կը հա­մադ­րէ հին Յու­նաս­տա­նէն, եւ աւե­լի մօ­տիկ ժա­մա­նակ­նե­րու առեւտ­րա­կան կեդ­րո­նի մը մաս­նիկ­նե­րը, կազ­մե­լով հրա­պա­րակ մը. իսկ ակո­րա յու­նա­րէն բառ մըն է որ կը նշա­նա­կէ հրա­պա­րակ (բա­ռա­րա­նը կ’ըսէ, թէ անի­կա կը նշա­նա­կէ նա­եւ շու­կայ, գնում կամ գնու­մի վայր): Այլ խօս­քով, Թիւ­ֆէնքճ­եան հրա­պա­րակ կը հա­նէ շարք մը գրու­թիւն­ներ, որոնք թուղ­թին յանձն­ուած են տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, եւ ահա կը ներ­կա­յա­նան մէկ կող­քի տակ, կողք-կող­քի բե­րե­լով հա­մե­մա­տա­բար հին ու աւե­լի նոր էջեր:
Ըն­դա­մէ­նը 178 մե­ծա­դիր էջե­րու վրայ տա­րա­ծուող հա­տո­րը ու­նի ներ­քին 7 բա­ժին­ներ, որոնք խո­րագր­ուած են «Ան­հոգ առօր­եայ» (6 նիւթ), «Տօ­նա­կան» (4 նիւթ), «Ախ, լե­զուն, լե­զուն» (3 նիւթ), «Հայ Դատ» (3 նիւթ), «Հայ­րե­նի եր­կիր-Ար­ցախ» (3 նիւթ), «Գրող եւ գրա­կա­նու­թիւն» (6 նիւթ) եւ «Նա­մակ­ներ Ամե­րի­կա­յէն» (7 նիւթ): Այս ընդ­հա­նուր խո­րա­գիր­նե­րը ար­դէն կու տան որոշ նա­խա­ճա­շակ մը՝ բո­վան­դա­կած նիւ­թե­րուն մա­սին:
Ըն­դա­մէ­նը 32 նիւ­թե­րը կը բո­վան­դա­կեն յու­շագ­րա­կան խոր­քով, ու տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ապ­րում­նե­րու մա­սին պա­տում­ներ, գրա­խօս­ական­ներ եւ ներ­բո­ղա­կան­ներ, ըն­թա­ցիկ կեան­քէ դր­ուագ­ներ, փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ, միտ­քի ոսպն­եա­կով քաղ­ուած պատ­կեր­ներ: Բո­վան­դա­կու­թիւնը ցու­ցա­կագ­րող եր­կու էջե­րուն կը յա­ջոր­դէ կեն­սագ­րա­կան կարճ ծա­նօ­թու­թիւն­ներ տուող էջ մը, ուր քա­նի մը տո­ղով ար­ձա­նագր­ուած է, որ Դ. Վ. Թիւ­ֆէնքճ­եան ծնած է Հա­լէպ, ապ­րած ու գոր­ծած է Լի­բա­նան, Ծո­ցի եր­կիր­ներ, Ֆրան­սա եւ հուսկ հաս­տատ­ուած՝ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ, աշ­խա­տակ­ցած է յիշ­եալ եր­կիր­նե­րու հայ­կա­կան մա­մու­լին, լոյս ըն­ծա­յած է (ներ­կա­յին հետ մի­ա­սին) վեց գիրք: Յա­ջորդ էջը, որ կը մեկ­նար­կէ բո­վան­դա­կու­թիւնը, խոր­քին մէջ կարճ բա­ցատ­րա­կան մըն է հա­տո­րին ձե­ւա­կան ծնն­դո­ցին: Կը պատ­մէ, թէ 1997-ին, ամա­նոր­եան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ առա­քող բա­ցիկ­նե­րու տրա­մա­բա­նու­թեամբ մը, ինքն իրեն մաղ­թանք մը կա­տա­րած է (խո­րա­գիրն է Մաղ­թանք), որ այ­նու­հե­տեւ, ամէն օր էջ մը գրէ:
Հա­տո­րին բո­վան­դա­կած գրու­թիւն­նե­րը կը կրեն 1997-էն մին­չեւ 2017 թուա­կան­նե­րը, մեծ մա­սը՝ մին­չեւ 1999: Տեղ մը կը խոս­տո­վա­նի, որ իր առա­ջին մտա­ծու­մը՝ ամէն օր էջ մը գրե­լու յանձ­նա­ռու­թիւնը միշտ չէ կր­ցած իրա­կա­նաց­նել (բնա­կան բան՝ կեան­քի հեւ­քին լծ­ուած ան­հա­տի մը հա­մար. ար­հես­տա­վարժ գրողն ան­գամ վս­տա­հա­բար չի կր­նար նման խոս­տում պա­հել): Հե­ղի­նա­կը լա՛ւ ըրած է, որ ար­ձա­նագ­րած է իւ­րա­քան­չիւր նիւ­թին արար­ման թուա­կա­նը:
Ներ­փակ­ուած նիւ­թե­րը ու­նին ժա­մա­նա­կագ­րա­կան յա­ջոր­դա­կա­նու­թեան ու­րոյն տրա­մա­բա­նու­թիւն մը, այն իմաս­տով, որ իւ­րա­քան­չիւր են­թա­բա­ժա­նու­մի նիւ­թե­րը յայտ­նա­պէս կը պահ­պա­նեն ա՛յդ բա­ժի­նին ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ըն­թաց­քը, սա կը նշա­նա­կէ, որ հա­տո­րին բո­լոր նիւ­թե­րը չեն տե­ղադր­ուած ժա­մա­նակագ­րա­կան յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ: Սա, յա­մե­նայն­դէպս, երկ­րոր­դա­կան տու­եալ մըն է, որով­հե­տեւ նիւ­թե­րը կը շօ­շա­փեն տար­բեր հար­ցեր, կը ցո­լաց­նեն տար­բեր վի­ճակ­նե­րու եւ կա­ցու­թիւն­նե­րու մա­սին մտա­ծում­ներ, խո­հեր ու տպա­ւո­րու­թիւն­ներ: Այդ բո­լո­րը, սա­կայն, ու­նին մէկ հա­սա­րակ յայ­տա­րար՝ օր­ուան դէպ­քե­րուն եւ կեան­քին բե­րած վի­ճակ­նե­րուն, պայ­ման­նե­րուն, տագ­նապ­նե­րուն եւ գո­հու­նա­կու­թիւն առ­թող դր­ուագ­նե­րուն հետ քայլ պա­հող մար­դը, որ նոյ­նինքն հե­ղի­նակն է:
Դիւ­րա­հա­ղորդ, հա­ճե­լի ոճով եւ աղուոր հա­յե­րէ­նով մը երկն­ուած հա­տո­րը կա­րե­լի է նկա­տել անուղ­ղա­կի կեն­սագ­րու­թիւն մը, այն առու­մով, որ հե­ղի­նա­կը լոկ դուր­սէն դի­տող՝ պատ­մո­ղը չէ, այլ իւ­րա­քան­չիւր խո­րա­գի­րի տակ ներ­կայ է, ինչ­պէս նշե­ցինք, իր ու ան­մի­ջա­կան շր­ջա­պա­տին առօր­եա­յով, յի­շա­տակ­նե­րով, խո­հե­րով: Տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն են Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ­քե­րը, մեր իրա­ւունք­նե­րուն հե­տապնդ­ման պայ­քա­րը, բայց մա­նա­ւանդ 20-րդ դա­րու վեր­ջին տա­րի­նե­րէն աս­դին Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի վի­ճակ­ուած տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թիւն­նե­րը, լու­ծում­նե­րու ի խն­դիր տա­րուող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, տագ­նա­պին տեղ­քայ­լին առ­թած ան­դո­հանքն ու դառ­նու­թիւն­նե­րը: Այլ դի­տան­կիւ­նէ, որոշ նիւ­թեր ու­նին վա­ւե­րագ­րա­կան ար­ժէք, կը յու­շեն, օրի­նա­կի հա­մար, որ Ար­ցա­խի հար­ցին ի խն­դիր տար­ուած ճի­գե­րը ան­ցած են քա­նի մը փու­լէ եւ կը կազ­մեն վեր­ջին մէկ տար­ուան ծանր դէպ­քե­րուն ու վի­ճա­կին «նա­խեր­գան­քը»: 44-օր­եայ պա­տե­րազ­մը ուղ­ղա­կի ներ­կա­յու­թիւն չէ, բնա­կա­նա­բար (ըսինք, որ նիւ­թե­րը կը հաս­նին մին­չեւ 2017), սա­կայն հոն հասց­նող զար­գա­ցում­նե­րը որոշ չա­փով (եւ որոշ ընտ­րու­թեամբ, հե­ղի­նա­կին հե­տե­ւա­ծին չա­փով) կը ցո­լան հա­տո­րի կարգ մը գլուխ­նե­րուն տակ:  Այլ խօս­քով, յիշ­եալ նիւ­թե­րը ու­նին նա­եւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան բնոյթ, հոգ չէ թէ հա­տո­րով լոյս աշ­խարհ կու գան տա­րի­ներ ետք: Ահա թէ ին­չու կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նայ նիւ­թե­րուն թուղ­թի յանձ­նու­մին թուա­կա­նը:
Այս սիւ­նա­կին մէջ նպա­տակ չու­նինք կանգ առ­նել իւ­րա­քան­չիւր նիւ­թի վրայ, այլ կը բա­ւա­կա­նա­նանք ոչ-ամ­բող­ջա­կան ուր­ուագ­ծու­մով մը: Եւ որ­պէս­զի շա­րու­նա­կենք ուր­ուագ­ծու­մը, ար­ձա­նագ­րենք, որ էջե­րուն ներ­կա­յու­թիւն է Հա­լէ­պը՝ իր աւե­լի քան կէս դար առաջ­ուան կարգ մը իրա­կա­նու­թիւն­նե­րով եւ տի­պա­րնե­րով: Ու­նի ու­շագ­րաւ եւ տպա­ւո­րիչ զրոյց մը՝ իր մեծ հօր հետ, որուն ան­ձամբ ծա­նօթ չէ, որով­հե­տեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն ու հե­տե­ւանք­նե­րը ար­գի­լած են ան­ձամբ հա­ղոր­դակ­ցե­լու նա­հա­տա­կուող­նե­րուն հետ: Կա­րե­ւոր բա­ժին մը տրա­մադր­ուած է իր մտե­րիմ­նե­րէն՝ հան­գուց­եալ գրող Մով­սէս Պչաքճ­եա­նի գրա­կան վաս­տա­կին, նա­եւ լայն մէջ­բե­րում­ներ՝ Եղի­շէ Չա­րեն­ցի մա­սին անոր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րու եւ յետ­նորդ­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րէն (Չա­րեն­ցը հե­ղի­նա­կին մի­ակ նա­խա­սի­րած բա­նա­ս­տեղ­ծը չէ): Վեր­ջին գլու­խը պա­տում­ներ կը պա­րու­նա­կէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ իր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րէն, ապա նա­եւ հոն հաս­տատ­ուե­լէ ետք ակա­նա­տես-ապ­րո­ղի փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն, որոնք մերթ դրա­կան են, սա­կայն նա­եւ կ’ակ­նար­կեն դառն իրա­կա­նու­թիւն­նե­րու:
Դանի­էլ Վ. Թիւ­ֆէնքճ­եան գրի­չը ձեռք չ’առ­ներ գե­ղար­ուես­տա­կան գրա­կա­նու­թիւն մշա­կե­լու մօ­տե­ցու­մով, այլ կը նպա­տա­կադ­րէ ան­կեղծ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը ապ­րիլ ըն­թեր­ցո­ղին հետ, մտա­ծում­ներ եւ ապ­րում­ներ բաժ­նեկ­ցիլ, առանց ան­պայ­ման սպա­սե­լու, որ ըն­թեր­ցո­ղը լի­ո­վին հա­մա­կար­ծիք ըլ­լայ իրեն հետ: Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, որոշ էջե­րու մէջ պատ­կեր­ներ, սրա­միտ մի­ջամ­տու­թիւն­ներ եւ նկա­րագ­րա­կան­ներ հա­տո­րը կը հա­մե­մեն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան պտ­ղունց­նե­րով:
Հա­տո­րին պատ­րաս­տու­թիւնն ու կազ­մու­թիւնը կա­տար­ուած են խնամ­քով: Ակ­նար­կե­ցինք, ար­դէն, հա­ղոր­դա­կան, մտեր­միկ եւ հա­ճե­լի լեզ­ուին ու ոճին: Հա­կա­ռակ զգա­ցուող բծախնդ­րու­թեան, տո­ղա­շա­րա­կան եւ լեզ­ուա­կան մանր վրի­պակ­ներ գլուխ կը ցցեն տեղ-տեղ, մերթ՝ հա­մա­կարգ­չա­յին վրի­պում­նե­րու, հազ­ուա­դէ­պօ­րէն նա­եւ  վերս­տու­գու­մի պա­հուն սպր­դած վրի­պակ­նե­րու հե­տե­ւան­քով: Այդ տար­րե­րը պատ­ճառ չեն, որ ըն­թեր­ցո­ղը հա­ճոյ­քով, վա­յել­քով եւ հե­ղի­նա­կին ապ­րած տագ­նապ­նե­րուն հետ հա­մակ­ուե­լով չկար­դայ ամ­բող­ջու­թիւնը:
Ս. Մահսերէճեան