Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Սուր­իոյ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար դոկտ. Լու­պա­նա Մու­շաուա­հի եւ կազ­մա­կեր­պութ­եամբ Դա­մաս­կո­սի Տար ալ Ասատ Մշա­կոյ­թի եւ Ար­ուես­տի տան, 6-9 Սեպ­տեմ­բեր 2021-ին, Դա­մաս­կո­սի Օփե­րա­յի տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Սուր­իոյ Երգ­չա­խում­բե­րու Հա­մա­գու­մար»ի երկ­րորդ հան­դի­պու­մը, մա­յսթ­րօ Մի­սաք Պաղ­պու­տար­եա­նի առա­ջար­կով,  որ­պէս Հա­լէպ քա­ղա­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ երգ­չա­խումբ՝ իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րաւ ՀԵԸ-ի «Սպենդ­ի­ար­եան» երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Մար­գա­րիտ Խա­չա­տուր­եան-Պան­տա­քի, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ռու­զան Պար­սում­եա­նի։
Առա­ջին հա­մա­գու­մա­րը տե­ղի ու­նե­ցած էր 2017-ին, երկ­րի դժ­ուար պայ­ման­նե­րուն մէջ։ Օփե­րա­յի տան տնօ­րէն՝ Անտ­րէ Մա­ա­լու­լին շեշ­տեց, որ այս ծրա­գի­րը պի­տի դառ­նայ աւան­դա­կան՝ ծա­ռա­յե­լու Սուր­իոյ երգ­չա­խում­բե­րու կա­տա­րո­ղա­կան որա­կի բա­րե­լաւ­ման, մի­եւ­նոյն ատեն առիթ ըն­ծա­յե­լով երգ­չա­խում­բե­րու ծա­նօ­թաց­ման եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։
10 երգ­չա­խում­բեր մաս­նակ­ցե­ցան այս հա­մա­գու­մա­րին, որոնք քով – քո­վի գա­լով կազ­մե­ցին սուր­ի­ա­կան երաժշ­տա­կան գու­նապ­նակ, որ կը բաղ­կա­նար սուր­ի­ա­նի ար­ուես­տը ներ­կա­յաց­նող եր­գե­րէ, արա­բա­կան սու­ֆի ար­ուես­տէ, Սուր­իոյ արեւմտ­եան շր­ջա­նի ծո­վե­զեր­եան եր­գե­րէ, հայ­կա­կան եր­գար­ուես­տէ, արա­բա­կան ժա­մա­նա­կա­կից երաժշ­տու­թե­նէ եւ հա­մաշ­խար­հա­յին տե­սա­կա­ւոր եր­կիր­ներ ներ­կա­յաց­նող եր­գա­ցան­կէ։
Ըլ­լա­լով մաս­նակ­ցող երգ­չա­խում­բե­րու մէջ ամե­նա­հի­նը,  աւե­լի պար­տա­ւոր­ուած կը զգա­յինք գո­հաց­նե­լու եր­գող­նե­րը, ունկն­դիր­նե­րը եւ ար­հես­տա­վարժ խմ­բա­վար­նե­րը, որոնց բո­լո­րին յար­գան­քը կը վա­յե­լէ­ինք։
 Հա­մա­գու­մա­րը ու­նէր հա­րուստ ծրա­գիր. գի­շե­րա­յին հա­մերգ­նե­րու կող­քին տե­ղի ու­նե­ցան չորս սե­մի­նար­ներ՝ հե­տեւ­եալ նիւ­թե­րով.-
1.«Երգ­չախմ­բա­յին Եր­գե­ցո­ղութ­եան Վար­պե­տու­թիւն», դա­սա­խօս՝ մա­յեսթ­րա Ղա­տա Հարպ. ան հաս­տա­տեց, որ իւ­րա­քան­չիւր երաժշ­տա­կան ձայնանիշ ու­նի իր ար­ժէ­քը, եթէ պի­տի չար­ժե­ւո­րենք այդ ձայնանիշը, նա­խընտ­րե­լի է չշա­րու­նա­կել եր­գե­ցո­ղու­թիւնը։
2.«Երգ­չախմ­բա­յին Խա­ղեր». դա­սա­խօս՝ Դա­մաս­կո­սի Օփե­րա­յի տան փոխտ­նօ­րէն Հու­սամ  Պրի­մօ. մա­յսթ­րօն իր յա­տուկ հիւ­մո­րա­յին ոճով կտ­րեց բո­լոր պա­րիսպ­նե­րը իր եւ եր­գող ունկն­դիր­նե­րուն մի­ջեւ։ Ան շեշ­տեց, որ շատ կա­րե­ւոր է եր­գե­լէ աւե­լի վա­յե­լել եր­գե­ցո­ղու­թիւնը՝ ու­րախ եւ բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ։
3.«Երգ­չախմ­բա­յին Եր­գե­ցո­ղութ­եան Ոճե­րը եւ Եր­գե­րու Տե­սակ­նե­րը». մա­յսթ­րօ Պը­շըր Իսա, որ ման­րա­մաս­նօ­րէն բա­ցատ­րեց երգ­չախմ­բա­յին եր­գե­րու եւ անոնց ոճե­րու զար­գա­ցու­մը դա­րե­րու ըն­թաց­քին եւ անոնց ազ­դե­ցու­թիւնը ժա­մա­նա­կա­կից երաժշ­տու­թեան վրայ։
4.«Սուր­ի­ա­նի Ժո­ղովր­դա­կան Երաժշ­տու­թեան Ար­ուես­տը». մա­յսթ­րօ Շա­տի Սար­ուէ, որ ներ­կա­յա­ցուց սուր­ի­ա­նի երաժշ­տու­թեան պատ­մու­թիւնն ու տե­սակ­նե­րը եւ անոնց զար­գա­ցու­մը։
 «Սպենդ­ի­ար­եան» երգ­չա­խում­բի ելոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Չո­րեք­շաբ­թի,                          8 Սեպ­տեմ­բեր 2021-ին,  երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00-ին, Օփե­րա­յի տան տրա­մա­թի­քա­կան սրա­հին մէջ։
Ելոյ­թը սկ­սաւ Խա­չա­տուր Աւե­տիս­եա­նի «Կռունկ­ներ»ով, անոր յա­ջոր­դեց Կո­մի­տա­սի եր­գե­րու փոքր շա­րան մը, որ գրա­ւեց ներ­կա­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւնն ու ար­ժա­նա­ցաւ անոնց գնա­հա­տան­քին։ «Սա­րե­րի Հո­վին Մեռ­նեմ» եր­գին կա­տար­ման ըն­թաց­քին նս­տող­նե­րուն մէ­ջէն լս­ուե­ցաւ թե­թեւ նուա­գակ­ցու­թիւն մը խում­բին հետ:  Եր­գը ծա­նօթ էր բո­լո­րին, որով­հե­տեւ երգ­ուած էր  նոյն­իսկ արաբ երգ­չու­հի­նե­րու կող­մէ։
Երգ­չա­խում­բին կա­տա­րում­նե­րը այն­քան զուսպ եւ գե­ղե­ցիկ էին, որ գրա­ւե­ցին ներ­կա­նե­րուն սր­տե­րը՝ ար­ժա­նա­նա­լով անոնց  ծա­փող­ջոյն­նե­րուն։
Յա­ջորդ կա­տա­րու­մը եղաւ ալ Ռահ­պա­նի եղ­բայր­նե­րու Ֆէյ­րու­զին հա­մար գր­ուած «Ֆի Ահ­ուէ ալ Մաֆ­րաք» եր­գը, զոր յա­տուկ երգ­չա­խում­բի հա­մար մշա­կած էր լի­բա­նա­նա­հայ եր­գա­հան Եդ­ուարդ Թո­րիկ­եա­նը։
Դահ­լի­ճի  բարձր տրա­մադ­րու­թիւնը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ ճա­զա­յին «Puttin On The Ritz» եր­գին կա­տար­ման ըն­թաց­քին. ներ­կա­նե­րը իրենց ծա­փե­րով ըն­կե­րակ­ցե­ցան խում­բին՝  այս ան­գամ իրենք բարձ­րաց­նե­լով եր­գող­նե­րու տրա­մադ­րու­թիւնը։
Նա­խա­վեր­ջին կա­տա­րու­մը եղաւ Ու­սա­մա Ռահ­պանիի հայ­րե­նա­սի­րա­կան «Սա­պահ ուլ Խայր»   եր­գը, որուն մի­ջո­ցաւ եր­գող­նե­րը գլ­խա­ւո­րու­թեամբ մա­յեսթ­րա  Մար­գա­րիտ Խա­չա­տուր­եան-Պան­տա­քի յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­ցին իրենց երկ­րորդ հայ­րե­նի­քին՝ Սուր­իոյ։ Եր­գին վեր­ջա­բա­նը այն­քան ազ­դե­ցիկ էր, որ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար դոկտ. Լու­պա­նա Մու­շաուահ ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով յոտն­կայս եր­կար ծա­փա­հա­րեց։
Ելոյ­թի վեր­ջին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը կա­տա­րե­լէ առաջ, խմ­բա­վա­րը շնոր­հա­կա­լո­ւթիւն յայտ­նեց այս մի­ջո­ցա­ռու­մի հո­վա­նա­ւոր մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րին եւ կազ­մա­կեր­պող մար­մի­նին, որոնք առիթ տուին «Սպենդ­ի­ար­եան»ին ու­նե­նալ այս­պի­սի փայ­լուն հա­մերգ, պա­տիւ բե­րե­լով երգ­չա­խում­բին եւ իր ներ­կա­յա­ցու­ցած ՀԲԸՄ-ի Հայ Երի­տա­սար­դաց Ըն­կե­րակ­ցու­թեան։
Աւե­լի յար­մար երգ չկար քան Կոս­տան­դին Պետ­րոս­եա­նի «Հա­յաս­տան»ը՝ փա­կե­լու այս հրա­շա­լի երե­կոն։
Ելոյ­թի աւար­տին մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րը բեմ բարձ­րա­ցաւ, խում­բի ան­դամ­նե­րը շնոր­հա­ւո­րեց եւ ար­տա­յայ­տեց իր ու­րա­խու­թիւնը այս­պի­սի երգ­չա­խում­բի մը աւե­լի քան 65 տա­րի­նե­րու ստեղ­ծա­րար գո­յա­տեւ­ման հա­մար։ Յատ­կա­պէս շնոր­հա­ւո­րեց խում­բի ղե­կա­վարն ու անոր դաշ­նա­մու­րով ըն­կե­րակ­ցող օրդ. Ռու­զան Պար­սում­եա­նը։
Հա­մա­գու­մա­րի վեր­ջին օրը բո­լոր երգ­չա­խում­բե­րը մի­ա­սին ելոյթ ու­նե­ցան Օփե­րա­յի մեծ սրա­հին մէջ՝ խմ­բա­վա­րու­թեամբ մա­յսթ­րօ Մի­սաք Պաղ­պու­տար­եա­նի, կա­տա­րե­լով Puccini-ի «Madamme Butterfly» օփե­րա­յէն հատ­ուած մը, սուր­ի­ա­նի եր­գե­րու շա­րան մը, ինչ­պէս նա­եւ արա­բա­կան ժո­ղովր­դա­կան եւ ազ­գա­յին եր­գեր։
Հա­մեր­գի աւար­տին բե­մին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ բո­լոր մաս­նակ­ցող երգ­չա­խում­բե­րու պար­գե­ւատ­րում, որուն յա­ջոր­դեց հա­մա­գու­մա­րի ընթ­րիք՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րին։ Ընթ­րի­քի աւար­տին «Սպենդ­ի­ար­եան» երգ­չա­խում­բին կող­մէ յա­տուկ յու­շան­ուէր մը փո­խանց­ու­եցաւ հա­մա­գու­մա­րի ընդ­հա­նուր  պա­տաս­խա­նա­տու, կազ­մա­կեր­պիչ տնօ­րէն մա­յսթ­րօ Մի­սաք Պաղ­պու­տար­եա­նին, որուն կը պար­տինք մեր մաս­նակ­ցու­թիւնն ու յա­ջո­ղու­թիւնը։
ՀԵԸ-ի կող­մէ յա­տուկ յու­շան­ուէր­ներ փո­խանց­ուե­ցան նա­եւ  հա­մա­գու­մա­րի միւս եր­կու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն՝ մա­յսթ­րօ Անտ­րէ Մա­ա­լուլի­ին եւ  Հու­սամ Պրի­մո­յին. ինչ­պէս նա­եւ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար դոկտ. Լու­պա­նա Մու­շաուա­հին, որ ջեր­մա­պէս ըն­դու­նեց նուէ­րը, խոս­տա­նա­լով գոր­ծակ­ցու­թեան նոր ծրա­գիր­ներ մօ­տիկ ապա­գա­յին։
Աւելց­նենք, որ 7 Սեպտ. 2021-ին «Սպենդ­ի­ար­եան» երգ­չա­խում­բը իր լրիւ կազ­մով հիւ­րըն­կալ­ուե­ցաւ Դա­մաս­կո­սի ՀԲԸՄ-ի  «Ն. Եա­գուպ­եան» կեդ­րո­նին մէջ, ՀԵԸ-ի Գոր­ծա­դիր Մարմ­նին կող­մէ։ Հան­դիպ­ման տի­րեց ու­րախ մթ­նո­լորտ, հա­գե­ցած հա­ճե­լի խօ­սակ­ցու­թեամբ եւ եր­գե­րով։
Հա­լէ­պա­հա­յը միշտ եղած է աշ­խա­տա­սէր ու բարձ­րա­ճա­կատ։ «Սպենդ­ի­ար­եան» երգ­չա­խում­բը վե­րա­դար­ձաւ Հա­լէպ իր հետ բե­րե­լով յաղ­թա­նակ եւ պար­ծանք, իր հետ բե­րե­լով նա­եւ գե­ղե­ցիկ յի­շա­տակ­ներ եւ ապա­գա­յի նոր ծրա­գիր­նե­րու խան­դա­վա­ռու­թիւն։
Իր գո­յու­թեան աւե­լի քան 65 տա­րի­նե­րուն, «Սպենդ­ի­ար­եան» երգ­չա­խում­բը, անմ­նա­ցորդ նուի­րու­մով ծա­ռա­յած է հայ ար­ուես­տին՝ երաժշ­տու­թեան եւ եր­գի ճամ­բով։ Ան դար­ձած է Հա­լէ­պի երգ­չախմ­բա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թեան մէջ յա­տուկ երե­ւոյթ։ Անոր ան­դամ – ան­դա­մու­հի­նե­րը, խմ­բա­վար­նե­րը, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցող­ներն ու վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ար­ժա­նի են ամէն գնա­հա­տան­քի։
Բա­րի երթ «Սպենդ­ի­ար­եան» երգ­չա­խում­բին։
Գարլոս Պուրճեան
Լուսանկարներ՝ Ղիաս Հապուպի