“Երկիր”._Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կարճատեւ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 27 Հոկտեմբերին հանդիպած է Ապու Տապիի թագաժառանգ, երկրի Զինեալ Ուժերու գերագոյն հրամանատարի տեղակալ, շեյխ Մուհամմէտ պըն Զայէտ ալ Նահեանի հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են հայ-էմիրաթական զարգացող յարաբերութիւններու խորացման, տարածաշրջանային եւ միջազգային հիմնահարցերու վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հանդիպած է նաեւ Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա ալ Խալիֆային հետ: Քննարկուած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։