Շաբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 11:17-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Իսրայէլ Պաղեստինի հիւսիսային հողերէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Դամասկոսի Արուարձանին ուղղութեամբ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին արձակուած հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։ Օդային յարձակումին հետեւանքով վիրաւորուեցան 2 զինուորներ եւ արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։