«Երկիր».- 29 Հոկտեմբերին ռուսական Octagon լրատուական աղբիւրը յայտնած էր, որ Քրեմլը նախատեսած է 9 Նոյեմբերին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Денди с Остоженки թելեկրամեան էջը յայտնած է, որ լուրը հրապարակող աղբիւրին կարելի է վստահիլ մեծ հաւանականութեամբ, որովհետեւ Octagon Media-ի «թաքուն» ղեկավարը փրոքրեմլական քաղաքագէտ, Խրիմի Հանրապետութեան ղեկավարին առընթեր փորձագիտական խորհրդատուական խորհուրդի ղեկավար Սերկէյ Միխէեւն է: «Նկատի ունենալով, որ երկու կողմերը (Ատրպէյճան եւ Հայաստան) բանակցութիւնները կը վարեն շատ փակ ձեւով եւ չեն անդրադառնար ո’չ հանդիպումի նկատմամբ համաձայնութիւններուն (թէեւ փակ բանակցութիւնները ռուսական դիւանագիտութեան բնորոշ յատկանիշներէն են), ոչ ալ անոր օրակարգին, պէտք է ակնկալել ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Ատրպէյճանի համար անյարմար դիրքորոշումներ։ Փութին կը խթանէ որոշ ընդհանուր փոխզիջումներ խորհրդային տխրահռչակ քարտէզներով: Ան, համաձայնութիւն գոյանալու պարագային, ի դէմս Ռուսիոյ, հաւանաբար ըլլայ հանդիպումին եւ երթեւեկային հաղորդակցութիւններու բացման գլխաւոր շահառուն: Հանդիպումը խաթարելու միակ միջոցը վերջին պահուն ստորագրութիւններու յետս կանչելն է երկիրներէն մէկուն մէջ արտակարգ իրավիճակ ստեղծելով` սահմանին զինուորական գործողութիւններու սրումով, բայց այստեղ Ռուսիոյ հեղինակութիւնը կասկածի տակ կը դրուի», մեկնաբանած է թելեկրամեան էջը: