“Երկիր Մետիա”._ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Պեգլարեան հանդիպում ունեցած է Լոս Անճըլըսի հայկական համայնքի հարիւրաւոր ներկայացուցիչներու հետ:

Նշուած է, որ Արտակ Պեգլարեան հանգամանօրէն ներկայացուցած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը, կարճաժամկէտ ու երկարաժամկէտ կարիքները եւ կառավարութեան ծրագիրները: Պետական նախարարը ընդգծած է, որ առանց աշխարհասփիւռ հայութեան գործուն ու շարունակական ներգրաւումին, կարելի չէ ապահովել Արցախի արագ ու արդիւնաւէտ վերականգնումն ու զարգացումը:

Արտակ Պեգլարեանի ներկայացումով, Արցախի երկարաժամկէտ ապագան կրնայ ըլլալ անվտանգ ու զարգացած հինգ հիմնական յենասիւներու վրայ՝ կայուն անվտանգութիւն, աճող ժողովրդագրութիւն, զարգացող տնտեսութիւն, որակեալ կրթութիւն եւ արդիւնաւէտ կառավարում: Նախքան հանդիպումը պետական նախարարը նաեւ մամլոյ ասուլիս ունեցած է Քալիֆորնիոյ հայկական լրատուամիջոցներուն հետ: