ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒ­ՐԵՐ ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ՄԱՐ­ԶԱ­ԿԱՆ ԿԵԱՆ­ՔԷՆ
– Առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Սուր­իոյ պաս­քե­թի դաշ­նու­թիւնը կազ­մա­կեր­պեց պաս­քե­թի գե­րա­զանց բա­ժա­կի մր­ցա­շար­քը, որուն մաս­նակ­ցե­ցան վեց ակումբ­ներ՝ Իթ­թի­հատ, Ճա­լ­աա, Ուահ­տէ, Ճէյշ, Հըթ­թին եւ Քա­րա­մէ: Մր­ցա­շար­քի աւար­տա­կան մր­ցու­մին Հա­լէ­պի Իթ­թի­հա­տը 60-52 արդիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Ուահ­տէն եւ ձեռք ձգեց Սուր­իոյ առա­ջին գե­րա­զանց խում­բին բա­ժա­կը:
– Սուր­իոյ լո­ղի հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ Ինա­նա Սու­լէյ­ման Ապու Տապիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած լո­ղի արաբ եր­կիր­նե­րու մր­ցա­շար­քին գրա­ւեց առա­ջին դիր­քը եւ ար­ժա­նա­ցաւ ոս­կի մե­տա­լի՝ 1500 մեթր լո­ղի մր­ցու­մին ար­ձա­նագ­րե­լով 17,52 վայրկ­եան:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՌԷ­ԱԼ ՄԱՏ­ՐԻՏ ՔԼԱ­ՍԻ­ՔՕՆ ԿՐ­ԿԻՆ ՅԱՂ­ԹԱ­ԿԱՆ ԱՒԱՐ­ՏԵՑ
Կի­րա­կի կէ­սօ­րին Սպան­իոյ Քամփ Նո­յի մար­զա­դաշ­տին վրայ Ռէ­ալ Մատ­րիտ ան­գամ մը եւս կր­ցաւ յաղ­թա­կան աւար­տել Քլա­սի­քո­յի սպաս­ուած հան­դի­պու­մը՝ 2-1 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նե­լով Պար­սե­լո­նան: Ախոյ­եա­նու­թեան 10-րդ փու­լի մր­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ մեծաթիւ հանդիսականներու ներ­կա­յու­թեամբ։ 32-րդ վայրկ­եա­նին, Տէյ­վիտ Ալ­պան ու­ժեղ հար­ուա­ծով մը նշա­նա­կեց Ռէ­ա­լի առա­ջին կո­լը: Կի­սա­խա­ղի մնաց­եալ վայրկ­եան­նե­րուն Պար­սե­լո­նա­յի խա­ղա­ցող­նե­րը այլ առիթ­նե­րով կր­ցան հաս­նիլ մր­ցա­կի­ցին դար­պա­սին, բայց անոնց բո­լոր յար­ձա­կում­նե­րը ձա­խո­ղութ­եան մատն­ուե­ցան: Երկ­րորդ կի­սա­խա­ղին Ռէ­ա­լի խա­ղա­ցող­նե­րը տի­րա­պե­տե­ցին խա­ղար­կու­թեան. 90-րդ վայրկ­եա­նին Մար­քօ Ասենսիօ, օգտ­ուե­լով պաշտ­պա­նո­ղա­կան խա­ղա­ցող­նե­րուն սխա­լէն, կրկ­նա­պատ­կեց ար­դիւն­քը: Նախ­քան իրա­ւա­րա­րին սու­լի­չը, 96-րդ վայրկ­եա­նին Ակ­ուի­է­րօ նշա­նա­կեց հիւ­րըն­կալ կազ­մին մի­ակ կո­լը, իսկ հան­դի­պու­մը իր աւար­տին հա­սաւ 2-1 ար­դիւն­քով:
Աւելց­նենք, որ այս մէկը հեր­թա­կանօրէն չոր­րորդ ան­գամն է, որ Ռէ­ալ կը յա­ջո­ղի պար­տու­թեան մատ­նել Պար­սե­լո­նան:
ՄԱՆ­ՉԵՍ­ԹԸՐ ԻՒ­ՆԱՅ­ԹԸՏ ԾԱՆՐ ՊԱՐ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ ԿՐԵՑ
Անգլ­իոյ Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թը­տը, շա­րու­նա­կե­լով իր ձա­խող խա­ղար­կու­թիւնը, ծանր պար­տու­թիւն մը կրեց այս ան­գամ Լի­վըր­փու­լէն՝ 5-0 ար­դիւն­քով: Լի­վըր­փու­լի եգիպ­տա­ցի խա­ղա­ցող Մու­համ­մէտ Սա­լահ Հաթ­րիք  նշա­նա­կեց երեք կոլ՝ 38-45 եւ 50-րդ վայրկ­եան­նե­րուն, բարձ­րաց­նե­լով ար­ձա­նագ­րած իր կո­լե­րուն թիւը տա­սի ու գրա­ւե­լով կոլ ս­քո­րիսթնե­րու առա­ջին դիր­քը: Մր­ցու­մի 5-րդ վայրկ­եա­նին Նա­պի Քի­թան նշա­նա­կեց հան­դի­պու­մի առա­ջին կո­լը, որ­մէ 8 վայրկ­եան ետք Տի­է­կօ Կո­թան կրկ­նա­պատ­կեց ար­դիւն­քը: 61-րդ վայրկ­եա­նին Փօլ Փոկ­պան կար­միր քարտ ստա­նա­լով դուրս եկաւ դաշ­տէն, իսկ Ման­չես­թը­րի կազ­մը հան­դի­պու­մը շա­րու­նա­կեց տա­սը մար­զի­կով:
Աւելց­նենք, որ Չել­սի 22 կէ­տով կը գրա­ւէ ախոյ­եա­նու­թեան աղիւ­սա­կին առա­ջին դիր­քը, իսկ Լի­վըր­փուլ 21 կէ­տով՝ երկ­րորդ դիր­քը:
Ռաֆ­ֆի Սիւ­լահ­եան