Սուր­իոյ տագ­նա­պէն ետք, Սուր­իոյ հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րը միշտ կը մնան Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կա­րե­ւոր առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն մէ­կը: Անց­նող տա­րի­նե­րուն ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը իր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով եւ այլ աշ­խա­տանք­նե­րով, ո՛չ միայն քա­ջա­լե­րեց Սուր­իոյ հա­յու­թեան վե­րա­կազ­մա­կեր­պումն ու վե­րա­կանգ­նու­մը, այլ նա­եւ նե­ցուկ ու մաս­նա­կից դար­ձաւ վե­րա­կանգ­նու­մին նպաս­տող շարք մը ծրա­գիր­նե­րու իրա­գործ­ման:
Այս ծի­րէն ներս, Հո­լան­տա­յի եկե­ղե­ցի­նե­րուն կող­մէ, Մի­ջին Արե­ւել­քի Եկե­ղե­ցի­նե­րու Խոր­հուր­դին ճամ­բով, Նո­րին Սր­բու­թիւնը օժան­դա­կու­թիւն ապա­հո­վեց Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի նո­րոգ­ման: Նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը աւար­տած են: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան Թե­մին ճամ­բով շու­տով պի­տի վե­րա­նո­րոգ­ուի Հա­լէ­պի Ս. Գէ­որգ եկե­ղե­ցին, ինչ­պէս նա­եւ ՀՄԸՄ-ի մար­զա­դաշ­տը:
Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կը շա­րու­նա­կէ իր ան­մի­ջա­կան աջակ­ցու­թիւնը ըն­ծա­յել ո՛չ միայն Հա­լէ­պի, այլ՝ Սուր­իոյ տար­բեր հա­յա­հոծ շր­ջան­նե­րու նո­րոգ­ման ծրա­գիր­նե­րու իրա­գործ­ման, ինչ­պէս նա­եւ օժան­դա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն: