«Երկիր».-Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելած են Ատրպէյճանի մէջ գտնուող գերեվարուած եւ պատանդառուած հայերուն, ծանօթացած են անոնց պահման պայմաններուն, օգնած են կապ հաստատել իրենց ընտանիքներու անդամներուն հետ: Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունին յայտնած է, որ կոմիտէի ներկայացուցիչները պարբերաբար տեսակցած են բոլոր այն անձերուն հետ, որոնց գերութեան փաստը պաշտօնապէս հաստատուած է: Պաքուն այս պահուն հաստատած է 40 անձի` Ատրպէյճանի մէջ գտնուելու հանգամանքը: «Անձերու կարելիութիւն տրուած է փոխանակելու ընտանեկան բնոյթի տեղեկութիւններ, լուրեր, օգտագործելով Կարմիր խաչի նամակներ, տեսաուղերձներ եւ հեռախօսազանգեր: Մենք չենք կրնար հրապարակել մարդոց թիւը, որոնց հետ մենք տեսակցած ենք, բայց կրնամ հաստատել, որ գերեվարման ողջ ընթացքին իւրաքանչիւր ընտանիքի հետ կապի մէջ ենք», յայտնած է Ամատունին: