«Ազդակ».-1 Նոյեմբեր 2021-ի կէսօրին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (ԳԱԱ) նախագահութիւնը` «Ազդակ»-ի գործունէութիւնը արժեւորելով, պատուոյ գիր յանձնեց օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեանին, որուն ներդրումը լուսարձակի տակ առնուեցաւ` Հայաստան-Լիբանան բազմակողմանի յարաբերութիւններուն եւ հայկական սփիւռքի հետ գիտակրթական կապերու ու հայ մշակոյթի զարգացման նպաստելուն համար: ԳԱԱ-ի նախագահին ստորագրութիւնը կրող պատուոյ գիրը «Ազդակ»-ի տնօրէնին յանձնեց ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար, Հայաստանի ԳԱԱ-ի նախագահութեան անդամ Եուրի Սուվարեանը: Եուրի Սուվարեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի լուսաբանութիւններն ու վերլուծումները` հայ կեանքին զանազան իրադարձութիւններուն վերաբերող, եւ ընդգծեց թերթին հաւաստիութիւնը` յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնելով ազգային-քաղաքական մտածողութեան ձեւաւորման գործընթացին մէջ օրաթերթին ունեցած նպաստը: Պատուոյ գիրի պաշտօնական յանձնման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի ԳԱԱ-ի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռոպերթ Ղազարեան եւ Պատմութեան հիմնարկի Հայկական գաղթօճախներու եւ սփիւռքի պատմութեան բաժինի վարիչ, փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան: Ռ. Ղազարեան վեր առաւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն «Ազդակ»-ի կատարած արագ արձագանգումներու եւ հայկական ոսպնեակով հրապարակած վերլուծումներու երեւոյթը: Գ. Ստեփանեան խօսեցաւ «Ազդակ»-ի նախաձեռնած Հայաստան-սփիւռք մասնագիտական բնոյթի քննարկումներուն նպատակ+աուղղուածութեան մասին: Շահան Գանտահարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ԳԱԱ-ի նախագահութեան, Արեւելագիտութեան եւ Պատմութեան հիմնարկներու տնօրէնութիւններուն: Ան ներկայացուց «Ազդակ»-ի եւ ակադեմիայի միջեւ գործակցութեան ուղին` գիտաժողովներու, միացեալ քննարկումներու եւ լսարաններու ձեւաչափով: Երկուստեք անհրաժեշտ նկատուեցաւ Հայաստան-սփիւռք մասնագիտական բնոյթի քննարկումներու խորացումը, յատկապէս նկատի ունենալով թշնամիներուն ձեռնարկած ակադեմական թէ տեղեկատուական նենգափոխութիւններու նորագոյն արշաւը: