ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի ելոյթը ԵԱՀԿ_ի աշնանային նստաշրջանին․ Յարգելի՛ նախագահ, գործընկերներ, Մեր օրակարգի հիմնական սեւեռումը Աֆղանիստանն է, եւ, իրաւամբ, տարածաշրջանի մէջ հետագայ նոր առճակատումները կանխելու եւ երկարատեւ լուծումներու հասնելու համար անյետաձգելի գործողութիւններ եւ որոշումներ անհրաժեշտ են։ Սակայն պիտի նշեմ, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի մէջ անվտանգութեան մարտահրաւէրները նոյնքան կարեւոր են եւ անոնք կը պահանջեն հաւասարակշռուած որոշումներ՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքին եւ միջազգային սկզբունքներուն վրայ։ ԵԱՀԿ-ի՝ իբրեւ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերով զբաղող եւ պատասխանատու կազմակերպութեան ուշադրութիւնը կ’ուզեն բեւեռել Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ծաւալող նոր իրողութիւններուն վրայ։ Գրեթէ մէկ տարի առաջ Հայաստանն ու Արցախը բախում ունեցան Ատրպէյճանին հետ՝ Թուրքիոյ աջակցութեամբ սանձազերծած յարձակումով, ուր Թուրքիան անմիջական մասնակից էր եւ կը հովանաւորէր միջազգային ահաբեկիչները։ Խախտելով միջազգային օրէնքները եւ մարդու իրաւունքները՝ ատրպէյճանական բանակի կողմէն իրականացուցին սարսափելի յանցագործութիւններ, կիրառելով քիմիական զէնք, թիրախաւորելով քաղաքացիական ենթակառուցվածքներ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ աւերելով եւ ոչնչացնելով հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը։ Մէկ տարի առաջ ստորագրուած 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը կասեցուց յարձակումը, սակայն անվտանգութեան հարցերը կը շարունակեն մնալ չլուծուած։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը հանգուցալուծուած չէ, աւելին, արդէն 5-րդ ամիսն է, որ ատրպէյճանական զօրքերը՝ խախտելով ՀՀ պետական սահմանները՝ բռնագրաւուած են Հայաստանի տարածքներ։ Ցաւօք, ԵԱՀԿ-ը լռեց կամ անկարող եղաւ դատապարտելու Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած գործողութիւնները։ Մենք նաեւ նախազգուշացուցած էինք ԵԱՀԿ-ին եւ անդամ պետութիւնները, որ, եթէ չկարենանք այս հարցին ճիշդ եւ համակողմանի անդրադառնալ, ապա մենք կ’ունենանք օտարերկրեայ ահաբեկիչներու եւ ճիհատիստներու ներգրաւման աւելի ու աւելի շատ դէպքեր, իսկ ԵԱՀԿ տարածքին մէջ կը դառնան իշխանութիւն ձեւաւորելու եւ քաղաքական նպատակներ հետապնդելու միջոց: Աֆղանիստանի օրինակը շատ խօսուն է։ Ի վերջոյ, շեշտելով եւ վերահաստատելով Հելսինքեան Եզրափակիչ ցոյցի յայտնի սկզբունքները՝ կ’ուզեմ ընդգծել, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար լուծուած համարուիլ յարձակումով կամ պատերազմով ։ ԼՂ հակամարտութիւնը կը սպասէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ իր արդար հանգուցալուծումը՝ որ պէտք է յենի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքի իւրացման վրայ, ներառէ տեղահանուած բնակչութեան երաշխաւորուած եւ անվտանգ վերադարձը իրենց բնակավայրերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը: Տիկիններ եւ պարոններ, մենք կրնանք կանխել ապագայ բռնութիւններն ու յանցագործութիւնները, եթէ այսօր իսկ պայքարինք անոնց դէմ։