Նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Արցախի ապահովական լրջագոյն հարցերը, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի իշխանութիւններուն բացայայտ եւ քուլիսային համաձայնութիւններու յարուցած վտանգներն ու հաւանական անդառնալի հետեւանքները` ՀՅԴ կառոյցը աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ 8-9 Նոյեմբերին կը կազմակերպէ բողոքի ցոյցեր` ի զօրակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուող ազգային դիմադրութեան` ընդգծելով հայրենիքի եւ սփիւռքի միասնականութիւնը, համախմբուածութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով: ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը 7 Նոյեմբեր 2021-ին կը կազմակերպեն բողոքի հաւաք եւ քայլարշաւ դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն: ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց 9 Նոյեմբերին կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` ի աջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած դիմադրութեան շարժումին: ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան դիմաց 9 Նոյեմբերին կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` ի աջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած դիմադրութեան շարժումին: ՀՅԴ-ի, Քանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ դիմադրութեան շարժումին կողմէ Քանատայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպանատուներուն դիմաց 9 Նոյեմբերին կը կազմակերպուի հաւաք` ի աջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած դիմադրութեան շարժումին` ընդդէմ Հայաստանի թրքացման: «Հաւաք մեր հողերու յանձնման դէմ, Երկուշաբթի` ժամը 18:00-ին Փարիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց: Ըսենք Ո՛Չ մեր հողերու յանձնումին, Ո՛Չ նոր համաձայնագիրի ստորագրման», նշուած է ՀՅԴ Ֆրանսայի կառոյցի պաշտօնական էջի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ Կլենտէյլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան դիմաց 9 Նոյեմբերին կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` ի աջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած դիմադրութեան շարժումին: ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ Շիքակոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան դիմաց 9 Նոյեմբերին կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` ի աջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած դիմադրութեան շարժումին: