Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան նախաձեռնութեամբ
Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Շուշիի պաշտպանական մարտերուն ընթացքին նահատակուած սուրիահայ երեք հերոսներուն՝ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սէքլէմեանի նահատակութեան առաջին տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Դամասկոսի Ս.Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ՝ Ուրբաթ, 5 Նոյեմբեր 2021-ին, յաւարտ Ս. Եւ անմահ պատարագին։
Արարողութեան ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան, ՀՀ Դեսպանութեան ներկայացուցիչները, ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի վարչութեանց անդամները, ՀՄԸՄ-ի քոյրեր-եղբայրներ, ՍԵՄ-ական երիտասարդներ եւ Ազգ. Միացեալ Ճեմարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտները:
«Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան ընթերցեց երեք նահատակ ընկերներուն կենսագրականները՝ վեր առնելով անոնց ծառայութեան եւ զոհողութեան ոգին ու ըսաւ.« Մահ իմացեալ անմահութիւն է։ Այս իտէալով եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ թրծուած քաջ եւ խիզախ Յարութը, Յակոբն ու Մոսիկը գիտակցելով իրենց պարտականութեան փութացին հայրենիքի փրկութեան եւ հերոսաբար նահատակուելով իրենց արեամբ շաղախեցին Արցախ հայրենիքի սուրբ հողը: Անոնք անմահացան եւ անոնց յիշատակը յաւերժ վառ պիտի մնայ հայ ժողովուրդի մտքին ու հոգիին մէջ»:
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Գերշ. Տէր Արմաշ Եպս Նալպանտեան վեր առաւ նահատակութեան ու զոհողութեան իմաստը՝ հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ ու յայտնեց, որ սուրիահայ երեք նահատակները, հետեւելով Յիսուս Քրիստոսի փրկագործ օրինակին, անսացին հայրենիքի կանչին եւ իրենց կեանքը զոհաբերելով անմահացան եւ նահատակութեան պատգամը դրոշմեցին հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ:
Բի՜ւր յարգանք հայրենիքի ազատութեան ճամբուն նահատակուած, անձնուրաց մեր հերոսներուն։