ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Հալէպի պասքեթի տղոց «U-16»ի մրցաշարքին, ՀՄԸՄ-ի կազմը գրաւեց Հալէպի երկրորդ դիրքը, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնուելով Իթթիհատէն՝ 84-77 արդիւնքով:
– Կիրակի օր Սուրիոյ ֆութպոլի ողոմպիական հաւաքականը 1-1 հաւասար արդիւնքով աւարտեց Քաթարի հետ մրցումը, որուն հետեւանքով ան դուրս մնաց Ասիոյ մրցաշարքէն՝ խմբակին երկրորդ հորիզոնականը գրաւելուն համար:
– Սուրիոյ մարզական գերագոյն մարմինը յատուկ շրջաբերականով լուծեց Դամասկոսի Ուահտէ ակումբի վարչութիւնը եւ կազմեց եռանդամ առժամեայ մարմին մը, որուն պարտականութիւնն է շարունակել ընթացիկ աշխատանքները մինչեւ նորակազմ վարչակազմի ընտրութիւն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀՖՖ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՄԵԼԻՔԲԷԿԵԱՆ
ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ
Աշխարհահռչակ բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամ Ուրբաթ օր այցելած է Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութեան կեդրոն: Ըստ ՀՖՖ պաշտօնական կայքին, Արթուր Աբրահամ եւ ՀՖՖ նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան քննարկած են գործակցութեան ապագայ ծրագիրները, մասնաւորապէս, Արթուր Աբրահամի կողմէ իրականացած ներդրումային ծրագիրին մանրամասնութիւնները:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԶՈՒՐԿ ԸՐԱՒ ՔՈՒՄԱՆԸ
Պարսելոնայի հերթական ձախողութիւնները շարունակուեցան, երբ ակումբի վարչակազմը որոշեց պաշտօնազուրկ ընել խումբի հոլանտացի մարզիչ Քումանը: 14 ամիս խումբին մարզիչութիւնը ստանձնելէ ետք, կազմին արդիւնքները գոհացուցիչ չդարձան խումբի համակիրներուն եւ վարչակազմին համար: Վերջինս որոշեց հեռացնել զայն իր պաշտօնէն: Վարչութիւնը բանակցութիւններ սկսաւ վարել խումբի նախկին խաղացող Չավիի հետ, որպէսզի ան ստանձնէ մարզիչութեան պաշտօնը, իսկ ժամանակաւորապէս մարզիչութեան պատասխանատուութիւնը վստահեցաւ Սերկէյ Պարուխանին:
ԱԿՈՒԵՐՕ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ ԱՊԱՔԻՆՄԱՆ ՇՐՋԱՆ Կ’ԱՆՑԸՆԷ
Սպանիոյ Քաթալոնէական ակումբի արժանթինցի խաղացող Ակուերօն Շաբաթ օր Տեփօրթիւօ Ալաւէս մրցումի ընթացքին անհանգստութիւն զգալով խնդրեց դուրս գալ խաղէն: Խումբի բժիշկները նախնական դարմանումը կատարելէ ետք արժանթինցի մարզիկը տարին հիւանդանոց, ուր ան պահուեցաւ խիստ հսկողութեան տակ: Համաձայն սպանական Մարքա թերթին, բժիշկները թելադրած են անոր քանի մը օրով մնալ հիւանդանոց՝ ենթարկուելու սրտի անհրաժեշտ դարմանումի: Ան պիտի բացակայի խումբի փորձերէն ու մրցումներէն մինչեւ ամբողջական դարմանում:
Ռաֆֆի Սիւլահեան