«Երկիր».-ՀՅԴ Հայ Երիտասարդաց Դաաշնակցութեան ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Գործադիրի անդամները ԱՄՆ-ի Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունցի հետ զրոյցի ընթացքին պաշտօնապէս յայտնած են իրենց լուրջ մտահոգութիւնը հայ ազգի ճակատագիրին մասին:

Երիտասարդներու խումբը` ատենապետ Վրէժ Տաուլիի (Շիքակօ «Արարատ» մասնաճիւղ), Ալեք Մանուկեանի (Ուաշինկթըն, «Անի» մասնաճիւղ), Արամ Պալեանի (Ուաշինկթըն, «Անի» մասնաճիւղ), Սիփան Օհաննէսեանի (Ուաշինկթըն, «Անի» մասնաճիւղ) եւ Սօսի Պուրուճեանի (Ուաշինկթըն, «Անի» մասնաճիւղ) մասնակցութեամբ, ՀՅԴ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Անի Ճաղլասեանի ընկերակցութեամբ, Ուրբաթ կէսօրէ ետք կազմակերպած էր նորանշանակ հայ դեսպանին հետ հանդիպումը Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներոնւ միջեւ եռակողմ մէկայլ համաձայնագիրի նախաշեմին, որ, ըստ լուրերուն, տեղի կ’ունենայ յաջորդ շաբաթ, Նիկոլ Փաշինեանի կողմէն 2020-ին Արցախեան պատերազմի աւարտին մասին յայտարարութեան ստորագրումէն մէկ տարի անց։

—Հայ ազգը դէմ է նոր, անխոհեմ զիջումներու,— ընդգծած են երիտասարդները  դռնփակ հանդիպումին ընթացքին,— մենք դէմ ենք ներկայ այն բանակցութիւններուն, որոնք կը ստեղծեն մեր հայրենիքը մեկուսացնող միջանցք:

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան բազմաթիւ մտահոգութիւններէն են բաց սահմաններու վտանգը ու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը, ինչպէս օրինակ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վաղեմի ծրագիրը` վերականգնել առեւտրային եւ հաղորդակցական ուղիներ նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքով»` Սիւնիքի մարզով:

—Եռակողմ համաձայնագիրը խաղաղութիւն չհաստատեց, այլ առաւելաբար յարուցեց թշնամիին ծաւալապաշտական ախորժակը,— նախազգուշացուցին դաշնակցականները,— մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր ազգի կործանման վտանգին ի տես։ Մենք դէմ կը կանգնինք ներկայ վարչակազմին, որ կը վարէ ապակառուցողական քաղաքականութիւն, որ հակահայկական է եւ մեր երիտասարդութեան ապագան կը տանի դէպի անդունդ:

Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մօտէն ուղիղ հեռարձակումով Վրէժ Տաուլին հակիրճ տեղեկատուութիւն  տրամադրած է հանդիպումին մասին: «Մենք դէմ առ դէմ բաժնեկցեցանք մեր տեսակէտները` ընդգծելու մեր մտահոգութիւններուն խորութիւնը եւ հայ երիտասարդութեան յանձնառութիւնը հայ ազգի անվտանգութեան ու գոյատեւման ի խնդիր»:

«Մենք չենք ընդունիր եւ թոյլ չենք տար Արցախի ուրացումը, հայկական որեւէ հողի յանձնումը, Հայաստանի տարածքով օտարերկրեայ միջանցքներու ստեղծումը կամ հայկական անվտանգութեան զիջումը», ընդգծած է ան: