Գե­րաշ­նորհ Սր­բա­զան Հայր,
Արհ­ի­ա­պա­տիւ Տէր,
Յար­գե­լի վե­րա­պատ­ուե­լի,
Հո­գե­ւոր հայ­րեր,
Յար­գար­ժան երես­փո­խան­ներ,
ՌԱԿ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, պատ­ուար­ժան հիւ­րեր, սի­րե­լի ըն­կեր­ներ եւ հայ­րե­նա­կից­ներ,
Այ­սօր­ուան խոր­հուր­դը իր մէջ կ’ամ­փո­փէ հա­յու­թեան եւ հայ­րե­նի­քի իրա­վի­ճա­կին վեր­լու­ծու­մը եւ Դաշ­նակ­ցու­թեան հաշ­ուե­տուու­թիւնը իր ժո­ղո­վուր­դին:
Բո­լորդ գի­տէք, որ Սփիւռ­քի յանձ­նա­ռու հա­յոր­դի­ներս, հայ­րե­նա­զուրկ սե­րուն­դի ամէն դառ­նու­թիւն եւ աք­սոր ճա­շա­կած, ապ­րած ենք ան­կախ Հա­յաս­տա­նի երա­զով: Եւ Հա­լէ­պը որ­պէս հա­յա­կերտ­ման գլ­խա­ւոր հնոց մեր սր­տե­րուն եւ հո­գի­նե­րուն մէջ կեր­տած է Հայ Դա­տի պայ­քա­րի ան­նա­հան­ջե­լի վճ­ռա­կա­մու­թիւն:
Ես ալ Սփիւռ­քի այդ իտ­է­ա­լա­պաշտ հա­յոր­դի­նե­րէն եմ, Հա­լէ­պի զա­ւակ եւ վե­րապ­րող­նե­րու սե­րուն­դի ժա­ռան­գորդ: Ման­կու­թիւնս թրծ­ուած է հոս, պա­տա­նե­կու­թիւնս Լի­բա­նա­նի մէջ, իսկ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ուս­ման բե­րու­մով երի­տա­սարդ տա­րի­քիս հաս­տատ­ուած եմ Քա­նա­տա:
Մի­ջին Արե­ւել­եան մեր հա­մայնք­նե­րու հա­յա­բոյր մթ­նո­լոր­տը, հայ տան տա­քուկ բոյ­նին կող­քին, դպ­րոց-ակումբ-եկե­ղե­ցի եր­րոր­դու­թեան ջամ­բած հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ու ազ­գա­յին, կա­մա­ւոր ծա­ռա­յու­թեան սկզ­բուն­քը հա­մա­կած էին զիս, ինչ­պէս մեր սե­րուն­դի իւ­րա­քան­չիւր նուիր­եալ հայ երի­տա­սար­դի էու­թիւնը:
Իսկ հի­մա, Հա­յաս­տան ու Ար­ցախ շա­րու­նա­կա­բար գոր­ծու­ղում­նե­րովս եւ ազ­գա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուս բե­րու­մով, դար­ձած եմ հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քա­հայ մար­դու մի­ա­ձուլ­ուած մէկ կեր­պար, որ ամէն հայ­րե­նա­կեդ­րոն հա­յորդիի էու­թիւնը կը հան­դի­սա­նայ այ­սօր:
Սփիւռ­քի հայ­րե­նա­զուրկ սե­րուն­դի փա­ղան­գը ապ­րե­ցաւ իր հրճ­ուան­քի մե­ծա­գոյն պա­հե­րը 1980-ական­նե­րուն վեր­ջա­ւո­րու­թեան եւ 1990-ական­նե­րու սկիզ­բը: Վեր­ջին երե­սուն տա­րի­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնը վե­րա­հաս­տա­տած, Ար­ցա­խը ազա­տագ­րած, ջա­ւա­խա­հա­յու­թիւնը վե­րաշ­խու­ժա­ցու­ցած եւ Սփիւռ­քը հայ­րե­նա­կեդ­րոն ու պա­հան­ջա­տէր դար­ձու­ցած մեր ժո­ղո­վուր­դը ար­դա­րօ­րէն ցն­ծու­թեան պա­հեր կ’ապ­րէր: Եւ ՀՅԴ-ն իր առիւ­ծի բա­ժի­նը բե­րած էր այդ ձեռք­բե­րում­նե­րու իրա­կա­նաց­ման մէջ ի գին մեծ զո­հո­ղու­թեանց. հա­զա­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րու արիւ­նով նուի­րա­կա­նա­ցած յաղ­թա­նակ­նե­րը, քա­ղա­քա­կան մեծ աշ­խա­տան­քը, քա­րոզ­չա­կան հա­մադր­ուած ար­շաւ­նե­րը եւ հայ­րե­նի­քին ուղղ­ուած հս­կա­յա­ծա­ւալ օժան­դա­կու­թիւն­նե­րը տուած էին ակն­կալ­ուած ար­դիւն­քը եւ Ար­ցա­խը ազա­տագր­ուած էր, իսկ Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձած էր աշ­խար­հի քար­տէ­զին՝ որ­պէս ան­կախ պե­տու­թիւն:
Հայ­րե­նի­քով ու հա­յու­թեամբ տո­գոր­ուած ոչ մէկ հայ ան­տար­բեր կը մնար ի տես այս մեծ իրա­գոր­ծում­նե­րուն, որոնք ամ­րապն­դած էին մեր ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը, գօ­տեպն­դած՝ ազ­գա­յին իղ­ձե­րու հան­դէպ մեր հա­ւատ­քը եւ ստեղ­ծած ան­նա­խըն­թաց հա­մա­հայ­կա­կան մի­աս­նա­կա­նու­թիւն՝ ի սպաս մեր հայ­րե­նի­քին ու իտ­է­ալ­նե­րուն: Մերթ ընդ մերթ ի յայտ եկող նե­րազ­գա­յին տա­րա­ձայ­նու­թիւն­ներն ու Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու բազ­մա­պի­սի խար­խա­փում­նե­րը մանր անա­խոր­ժու­թիւն­ներ եւ սր­բագ­րե­լի վրի­պում­ներ կը թուէ­ին ըլ­լալ մեծ պատ­կե­րին մէջ: Ազ­գա­յին վճ­ռա­կա­մու­թիւնը վե­րա­զարթ­նած էր ու յաղ­թա­նակ­նե­րը ամ­րապնդ­ուած էին: Մէկ խօս­քով՝ հա­մազ­գա­յին առու­մով տար­ուած էինք ան­պար­տե­լիու­թեան եւ ան­խո­ցե­լիու­թեան զգա­ցում­նե­րով, որով­հե­տեւ, աղէտ­նե­րու ու կո­րուստ­նե­րու հա­րիւ­րամ­եա­կէ ետք, պայ­ծառ դա­րաշր­ջան մը բաց­ուած էր հա­յու­թեան առ­ջեւ:
Այդ պատ­ճա­ռով ալ ապ­րե­ցանք ահա­ւոր ցն­ցում, երբ 2020-ի աշ­նան ար­ցախ­եան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մին կրած պար­տու­թիւնը խոր­տա­կեց այդ ան­պար­տե­լիու­թեան եւ ան­խո­ցե­լիու­թեան հան­գա­նա­կը:
Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ամէն տա­րա­կար­ծու­թիւն մէկ­դի դրած, նուիր­ուած էինք հա­յու­թեան յաղ­թա­նա­կը ապա­հո­վե­լու գոր­ծին չորս ուղ­ղու­թիւն­նե­րով.
Ա) Մար­դուժ-Պա­հես­տա­զօր
Առա­ջին ուղ­ղու­թիւնը պա­տե­րազ­մին մար­դու­ժի տրա­մադ­րումն էր։ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւնը վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­ցած էր իր առաս­պե­լա­կան, ֆե­տա­յա­կան կեր­պա­րով թրծ­ուած ամէն տա­րի­քի երի­տա­սար­դու­թեան հա­մախմ­բու­մը իր կա­մա­ւոր պա­հես­տա­զօ­րի մէջ։ Գրե­թէ հա­զա­րի հաս­նող այդ կա­մա­ւոր­նե­րու փա­ղան­գը տրա­մադր­ուած էր պա­տե­րազմին, ար­ի­ա­բար մաս­նակ­ցած մար­տե­րուն, կեր­տած յաղ­թա­նակ­ներ եւ տուած զո­հեր, որոնց վեր­ջի­նը ձեր շատ սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներն էին։ Անոնց յի­շա­տա­կը յար­գե­ցինք երէկ, բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցինք իրենց նուիր­ուած յու­շա­կո­թո­ղին եւ այն­տեղ տե­ղադր­ուած անոնց  մա­սունք­նե­րով ստեղ­ծե­ցինք կա­մուր­ջը Հայ­րե­նի­քի եւ Սփիւռ­քի մի­ջեւ։
Բ) Քա­ղա­քա­կան Հա­մաշ­խար­հա­յին Զօ­րա­շարժ
Երկ­րորդ ուղ­ղու­թիւնը մեր քա­ղա­քա­կան ու հա­մաշ­խար­հա­յին զօ­րա­շարժն էր։
Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րով, մեր մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով, հայ երի­տա­սար­դութ­եան մե­ծա­թիւ մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­րո­ղա­ցանք շար­ժել աշ­խար­հին սիր­տը, միտ­քը, որ­պէս­զի ճշգ­րիտ գնա­հա­տում տար պա­տե­րազ­մին, հարկ եղած մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը կա­տա­րէր՝ մերթ ան­յա­ջող, բայց շատ մը պա­րա­գա­նե­րու նա­եւ մեր թշ­նա­մի­նե­րուն՝ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան զօր­քե­րուն աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­կազ­դող։
Գ) Քա­րոզ­չա­կան Պա­տե­րազմ
Եր­րորդ ուղ­ղու­թիւնը քա­րոզ­չա­կան պա­տե­րազմն էր։
Վս­տահ եմ, որ բո­լորդ ալ ակա­նա­տես էիք այն հս­կա­յա­կան ար­շա­ւին, որ Թուրք­իա եւ Ատր­պէյ­ճան շղ­թա­յա­զեր­ծած էին ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դէմ, այ­լեւ ամ­բողջ հա­յու­թեան դէմ։ Հարկ էր ան­մի­ջա­պէս անց­նիլ աշ­խա­տան­քի, ողո­ղել աշ­խար­հի մայ­րա­քա­ղաք­նե­րը ցոյ­ցե­րով, հա­ւաք­նե­րով, բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, հր­դե­հի տալ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը, որոնց մէջ կը տար­ուէր, դժ­բախ­տա­բար, շատ յա­ջող հա­կա­հայ պայ­քար, մե­ծա­պէս ֆի­նան­սա­ւոր­ուած այդ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Փառք ու պա­տիւ մեր երի­տա­սար­դու­թեան մենք կա­րո­ղա­ցանք առաջ­քը առ­նել այդ պայ­քա­րին եւ կա­րո­ղա­ցանք նա­եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մէջ անհ­րա­ժեշտ հա­կազ­դե­ցու­թիւնը տալ։
Դ) Նիւ­թա­կան Օժան­դա­կու­թիւն
Ան­նա­խըն­թաց մի­աս­նա­կա­մու­թեամբ մենք կա­րո­ղա­ցանք պա­տե­րազ­մի օրե­րուն եւ ան­կէ ետք իսկ ապա­հո­վել այն­պի­սի նկա­տա­ռե­լի նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւն, որ ան­նա­խըն­թաց ձե­ւով եւ մեծ գու­մար­նե­րով սա­տա­րեց նա­եւ պա­տե­րազ­մին եւ ան­կէ ետք սկ­սած վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Աւե­լի քան 170 միլի­ոն տո­լա­րի գո­յակ­ցութ­եամբ, մենք կա­րո­ղա­ցանք նա­եւ մեր բա­ժի­նը բե­րել այդ գոր­ծին։
Կաս­կած չկար, որ հա­մա­հայ­կա­կան այս մի­աս­նու­թիւնը, այս ընդ­հա­նուր գօ­տեպն­դու­մը, բռնցք­ուի­լը կա­րե­ւոր էին, որ­պէս­զի մենք հաս­նէ­ինք պա­տե­րազ­մի կա­րիք­նե­րուն, որ­պէս­զի ամէն ինչ մէկ կողմ դրած մենք կա­րո­ղա­նա­յինք առաջ տա­նիլ մի­աս­նա­կան մեր պայ­քա­րը, թէ­եւ վտանգ­ուած էր մեր ազ­գա­յին գո­յու­թիւնը, սա­կայն ամէն պա­րա­գա­յի կա­րե­լի չէր տար­բե­րու­թիւն դնել մեր ազ­գա­յին շեր­տա­ւո­րում­նե­րուն մի­ջեւ ուս­տի հարկ էր որ­պէս մէկ բռունցք լծ­ուիլ այդ գոր­ծին։ Այդ­պէս ալ եղաւ, սա­կայն իրա­կա­նու­թիւնը դառն էր։
Հի­աս­թա­փու­թիւնը ճն­շող էր մա­նա­ւանդ երբ յաղ­թա­նա­կի կեղծ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծած իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու շղար­շը պատ­ռե­ցաւ եւ մեր կո­րուստ­նե­րու իս­կա­կան տա­րո­ղու­թիւնը պարզ­ուե­ցաւ անց­եալ տար­ուան 9 Նո­յեմ­բե­րին:
Ազ­գա­յին նսե­մա­ցու­մի առաջ­նոր­դած ՀՀ ղե­կա­վա­րը մեր­ժեց ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով ըն­դու­նիլ Ար­ցախն ու Հա­յաս­տա­նը աղէ­տի առաջ­նոր­դած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, վճ­ռեց ամէն գնով կառ­չած մնալ իր իշ­խա­նու­թեան աթո­ռին եւ սա­տա­րեց հայ­րե­նի­քը նսե­մաց­նող պար­տուո­ղա­կան պայ­ման­նե­րու գո­յա­ցու­մին:
Եւ տի­րեց հա­մա­տա­րած յու­սա­հա­տու­թիւն եւ ընկճ­ուա­ծու­թիւն ի տես այդ մե­ծա­գոյն աղէ­տին: Յա­ռա­ջա­ցաւ նոյ­նիսկ խզում Հայ­րե­նի­քի եւ Սփիւռ­քի մի­ջեւ: Ընդ­դի­մու­թիւնը ստեղ­ծեց «Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան Շար­ժում», փոր­ձեց վե­րա­կանգ­նել ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան հիմ­քե­րու վրայ գոր­ծող պե­տու­թիւնը, բայց իշ­խա­նու­թիւնը ամէն ճիգ թա­փեց ապա­կողմ­նո­րո­շե­լու եւ շա­րու­նա­կա­բար պա­ռակ­տե­լու հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը եւ յա­ջո­ղե­ցաւ ինք­զինք  վե­րար­տադ­րել:
«Բաժ­նէ՛, որ տի­րես»ի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը որ­դեգ­րած ՀՀ իշ­խա­նու­թիւնը այ­սօր Սփիւռքն ալ պա­ռակ­տե­լու սեւ գոր­ծին է լծ­ուած: Մինչ­դեռ թշ­նա­մի­նե­րով շր­ջա­պատ­ուած եւ մեծ հար­ուած ստա­ցած մեր հայ­րե­նի­քին հա­մար աւե­լի քան եր­բեք անհ­րա­ժեշտ է հա­մա­հայ­կա­կան կուր մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը:
Այ­սօր դէմ յան­դի­ման կը գտն­ուինք նո­րա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու, որով­հե­տեւ պարտ­ուած ու հայ­կա­կա­նու­թե­նէ պարպ­ուած Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հայ­րե­նի շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու իրենց ան­կա­րո­ղու­թիւնը փաս­տած են, շա­րու­նա­կա­կան նա­հան­ջի մէջ են եւ ամէն տե­սա­կի զի­ջում­նե­րու՝ պատ­րաստ:
Եւ այս կա­ցու­թեան մէջ մեր առ­ջեւ կը ցց­ուին հիմ­նա­կա­նա­բար երեք մեծ հար­ցեր։
Առա­ջի­նը Ատր­պէյ­ճա­նի ճն­շու­մով եւ Թուրք­իոյ օժան­դա­կու­թեամբ սահ­մա­նա­զատ­ման ու սահ­մա­նագծ­ման հար­ցերն են, որոնց­մով պի­տի ճշդ­ուին Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­ման­նե­րը։ ՀՅ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը զգու­շա­ցու­ցած էր, որ այս պատր­ուա­կի տակ ո՛չ մէկ սահ­մա­նա­զա­տում, ո՛չ մէկ սահ­մա­նագ­ծում պէտք է անդ­րա­դառ­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, որ­պէս­զի այդ ձե­ւով չթաղ­ուի Ար­ցա­խի հար­ցը։ Ար­ցա­խը կը մնայ հա­մաշ­խար­հա­յին ու­շադ­րու­թեան առար­կան, Ար­ցա­խի վի­ճա­կը ճշդ­ուած չէ եւ այդ սահ­մա­նազատ­ման եւ սահ­մա­նագծ­ման գոր­ծըն­թաց­քին մէջ պէտք չէ զո­հել անոր ապա­գան։
Երկ­րոր­դը վե­րա­թար­մա­ցուող հայ-թր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կծիկն է։ Մենք անց­եա­լին յայ­տա­րա­րած ենք, եւ ու­նե­ցած ենք այն ահա­ւոր փոր­ձա­ռու­թիւնը 2008-2009 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, երբ հայ-թր­քա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու պի­տա­կին տակ փորձ­ուե­ցաւ հա­մա­կար­գել այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։
Այն օրե­րուն, մենք յայ­տա­րա­րե­ցինք, այ­սօր ալ նոյն կեց­ուած­քը ու­նինք, որ մենք դէմ չենք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման մին­չեւ այն ատեն, որ անոնք չեն ըլ­լար նա­խա­պայ­ման­նե­րով, մին­չեւ այն ատեն, որ մենք մեր ձեռ­քէն դուրս չենք ձգեր մեր ան­ժա­ման­ցե­լի իրա­ւունք­նե­րը, մին­չեւ այն ատեն, որ թր­քա­կան տն­տե­սու­թիւնը եւ թր­քա­կան ու­ժե­րը ամ­բող­ջո­վին չեն ողո­ղեր Հա­յաս­տա­նը, իսկ մեր հայ­րե­նի­քը պէտք է պատ­շա­ճօ­րէն պատ­րաստ­ուած ըլ­լայ օրէնսդ­րա­կան նա­խա­գի­ծե­րով, գործ­նա­կան քայ­լե­րով այդ բնա­կա­նո­նաց­ման հա­մար, եւ ո՛չ թէ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մշա­կէ զի­ջում­նե­րով ու պար­տադ­րան­քի տակ։ Այ­սօր, այո՛, գաղտն­ի­ա­բար տե­ղի կ’ու­նե­նան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, նշա­նակ­ուած են ան­ձինք, որ­պէս­զի փոր­ձեն կար­գա­ւո­րել այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, բայց պարտ­ուած մթ­նո­լոր­տի մէջ եւ թր­քա­կան ամէն տե­սա­կի նա­խա­պայ­ման­նե­րու պար­տադ­րան­քին տակ։
Իսկ եր­րոր­դը այն է, որ Հա­յաս­տա­նի գե­րիշ­խա­նու­թիւնը վտանգ­ուած ըլ­լա­լու իրո­ղու­թիւնը պէտք եղած ձե­ւով չի մտա­հո­գեր մեր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը։
Մենք յայ­տա­րա­րած էինք, որ Ար­ցա­խը մեր դար­պասն է, մենք յայ­տա­րա­րած էինք, որ Ար­ցա­խը այն պաշտ­պա­նու­թեան գիծն է, որ ո՛չ միայն կը պաշտ­պա­նէ Ար­ցա­խը, այ­լեւ կը պաշտ­պա­նէ նոյ­նիսկ Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը։ Որ­քան ճիշդ դուրս եկաւ այդ հան­գա­ման­քը, այդ սահ­մա­նու­մը, եւ այ­սօր շատ աւե­լի մեծ­ցած են այդ սահ­ման­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան ու ապա­հո­վու­թեան խն­դիր­նե­րը։ Իսկ մեր թշ­նա­մի­նե­րը, որոնց ախոր­ժակ­նե­րը այ­սօր աւե­լի քան բոր­բո­քած են, իրենց Ար­ցա­խի հան­դէպ ու­նե­ցած ջա­կեր­տա­ւոր «յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու» բե­րու­մով, այ­սօր թի­րա­խա­ւո­րած են նա­եւ Հա­յաս­տա­նը, մա­նա­ւանդ անոր Սիւն­եաց աշ­խար­հը։
Այ­սօր կա­րե­լի չէ լուռ մնալ մեր հա­մա­հայ­կա­կան եւ հայ­րե­նի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու այս հոյ­լին հան­դէպ։ Մենք սո­թտած ենք մեր թե­ւե­րը եւ ան­ցած շա­րու­նա­կա­կան աշ­խա­տան­քի, ինչ­պէս՝ պա­տե­րազ­մէն առաջ, ինչ­պէս՝ պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին, այն­պէս ալ պա­տե­րազ­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք։
Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ կը վերսկ­սի նա­եւ ժո­ղովր­դա­յին դի­մադ­րու­թեան շար­ժու­մը։ Ձեզ­մէ շա­տեր տեղ­եակ են, որ քա­նի մը ժամ առաջ Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան ցոյ­ցեր, որ­պէս­զի ան­գամ մը եւս այդ ժո­ղովր­դա­յին ցա­սու­մը կա­րո­ղա­նայ ար­տա­յայ­տել իր դժ­կա­մու­թիւնը, իր դժ­գո­հու­թիւնը կա­տա­րուող գաղտ­նի բա­նակ­ցու­թեանց գծով։
Բնա­կա­նա­բար Հա­յաս­տա­նի մէջ ծայր առած այս դի­մադ­րու­թեան շար­ժու­մը չի կր­նար մնալ մի­ակ, չի կր­նար մնալ մե­կու­սաց­ուած եւ անոր ար­դէն իսկ մի­ա­ցած են Ար­ցախն ու սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնը։
Ար­ցա­խի խորհր­դա­րա­նը իր բո­լոր ու­ժե­րով, կու­սակ­ցա­կան տար­բեր շեր­տա­ւո­րում­նե­րով յա­տուկ օրա­կար­գի քն­նու­թիւն կը կա­տա­րէ, որ­պէս­զի եր­կու հան­գա­մանք յս­տա­կօ­րէն նշէ՝ թէ կա­րե­լի չէ վե­րա­դառ­նալ ատր­պէյ­ճա­նա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեան, եւ թէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը վճ­ռած է իր ոտ­քե­րը ամուր կառ­չած պա­հել հայ­կա­կան հո­ղին, որով­հե­տեւ մենք կը հա­ւա­տանք, որ Ար­ցա­խը պի­տի վե­րա­կանգ­նի։
Այ­սօր Ար­ցա­խա­հա­յու­թիւնը թէ­եւ վի­րա­ւոր է, սա­կայն իր վէր­քե­րը ամո­քե­լու հայ­կա­կան դի­մա­գի­ծը պահ­պա­նե­լու, իր հան­րա­պե­տու­թիւնը լի­ո­վին վե­րա­կանգ­նե­լու եւ ամէն գնով Ատր­պէյ­ճա­նի գե­րիշ­խա­նու­թեան տակ վե­րա­դար­ձը բա­ցա­ռե­լու լուրջ գոր­ծին է լծ­ուած: Եւ այդ պատ­ճա­ռով է որ անց­եալ շա­բաթ, Ար­ցա­խի այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, կա­րո­ղա­ցանք հա­մախմ­բել բո­լոր ու­ժե­րը, երեք նա­խա­գահ­նե­րով՝ ներ­կայ եւ եր­կու նախ­կին նա­խա­գահ­ներ, խորհր­դա­րա­նա­կան բո­լոր ու­ժե­րով, որ­պէս­զի այդ վճ­ռա­կա­մու­թիւնը հաս­տատ­ուի եւ որ­պէս­զի մենք՝ որ­պէս Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւն նա­եւ տանք այն երաշ­խի­քը, որ ամ­րօ­րէն կառ­չե­լու ենք Ար­ցա­խի կող­քին, որ­պէս­զի հս­կա­յա­թիւ մեր զո­հե­րուն պայ­քա­րը զո­հը չդառ­նայ աճապարանքի, զո­հը չդառ­նայ իշ­խա­նա­տեն­չու­թեան, այլ հայ­կա­կան հո­ղին խառն­ուած արիւնը տայ իր ար­գա­սի­քը, եւ Ար­ցա­խը վե­րագտ­նէ իր նախ­կին վե­րաշ­խու­ժա­ցումն ու սահ­ման­նե­րը։
Այ­սօր, Սփիւռ­քը եւս մէկ մար­դու նման պի­տի փա­րի հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան սուրբ գոր­ծին, անխ­նայ պայ­քա­րին թր­քա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­յատ­եաց եւ փան­թու­րա­նա­կան ճա­կա­տին դէմ: Դժ­ուար պայ­քար է, բայց ոչ ան­կա­րե­լի։ Ի վեր­ջոյ բո­լորս գի­տենք, որ ո՛չ Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, ո՛չ հայ ժո­ղո­վուր­դը վհա­տած են, նոյ­նիսկ երբ իրենց­մէ աւե­լի մեծ թիւով թշ­նա­մի­նե­րու դէմ պայ­քար մղած եւ կեր­տած են մեծ յաղ­թա­նակ­ներ։
Ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնը ՀՅԴ-ի հա­մար բարձ­րա­գոյն ու բա­ցար­ձակ ար­ժէք է: Ամէն զո­հո­ղու­թիւն ար­դա­րաց­ուած է պաշտ­պա­նե­լու հա­մար այդ ան­կա­խու­թիւնը եւ իր հայ­րե­նի­քին մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին ապ­րե­լու եւ զար­գա­նա­լու իրա­ւուն­քը:
Մենք կը հա­ւա­տանք, որ փա­կած ենք սու­գի եւ ընկճ­ուա­ծու­թեան էջը եւ շու­տով ակա­նա­տե­սը կ’ըլ­լանք հա­յուն վե­րապ­րե­լու եւ վե­րա­կանգ­նե­լու իւ­րա­յա­տուկ ոգի­ին, վճ­ռա­կա­մու­թեան եւ արիու­թեան վե­րադր­սե­ւո­րում­նե­րուն:
Որով­հե­տեւ մեր պայ­քա­րը ար­դար է ու վախ­ճա­նը կր­նայ ըլ­լալ միայն յաղ­թա­նակ:
8 Նո­յեմ­բեր 2021