9 Նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ վերակազմուեցաւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը: Ձեռնարկին ընթացքին նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի գործունէութեան գլխաւոր նպատակներէն է ընդլայնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարեկամներուն շրջանակը` գործակցելով Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմին հետ` ի նպաստ հայոց պետական շահին եւ արդարութեան: Ինչպէս Եւրոպական խորհրդարանի նախորդ երկու օրէնսդրական շրջաններուն, այս անգամ եւս Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմին զուգահեռ աշխուժ աշխատանք տարած էր Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի կայացման ուղղութեամբ: Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր գլխաւոր խմբակցութիւններու երեսփոխաններէն բաղկացած բարեկամութեան խումբի նախագահն է Լուկաս Ֆուրլասը (Կիպրոս, Եւրապական ժողովրդական կուսակցութիւն). Երոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կ՛ակնկալէ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն եւրոպացի երեսփոխաններուն հետ: