ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց հաւաքականը ժամանեց Յորդանան՝ մասնակցելու Ասիոյ Բ. մակարդակի մրցաշարքին: Հաւաքականին մաս կը կազմեն երկու հայ մարզիկներ՝ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկ, «Սաուրա» խումբի խմբապետ Ալիսիա Մակարեան եւ ՀԵԸ-ի խաղացող Աննա Ասլանեան:
– Նախքան Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց հաւաքականին մեկնիլը, կազմի մարզիչ Ապտալլա Քամունէ անյայտ պատճառով իր հրաժարականը ներկայացուց: Զինք փոխարինեց իր օգնականը՝ Սոմար Խուրի:
– Սուրիոյ ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը Պահրէյնի ուսումնամարզական հաւաքին բարեկամական մրցումի մը աւարտին 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ հիւրընկալ կազմԷն:
– Սուրիոյ հաւաքականի «ճապլէ» ակումբի դարպասապահ Իպրահիմ ալ Մանր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց պարսկական «Ֆոլազ» ակումբին հետ: Ան նոր կազմին պիտի միանայ հաւաքականի մրցումներէն ետք:
ՀԱՅԿԱԿԱն
ԱՐՍԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ՝ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ Մ-23 ԱԽՈՅԵԱՆ
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան աշխարհի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկանի ախոյեանութեան գրաւեց առաջին հորիզոնականը եւ նուաճեց ոսկի մետալ: 61 քկ. ծանրութիւն ունեցող հայ մարզիկը եզրափակիչ հանդիպումին բաւական դիտարժան պայքարով յաղթեց ռուս Արթուր Չեփոտայեւին 11-7 արդիւնքով: Այսպիսով, ան հռչակուեցաւ Մ-23 տարեկաններու աշխարհի ախոյեան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՎԵՑ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԱՍԻՈՅ
ՊԱՍՔԵԹԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող պասքեթի աղջկանց Բ. մակարդակի մրցումներու մասնակից հաւաքականներուն մաս կը կազմեն վեց հայուհիներ:
Սուրիոյ հաւաքականէն՝ Ալիսիա Մակարեան եւ Աննա Ասլանեան, Լիբանանի հաւաքականէն՝ Մեղրի Թորոսեան եւ Նարինէ Կոքճեան, իսկ Իրանի հաւաքականէն՝ Անահիտ Խոտավերտեան: Որպէս իրաւարար Եանա Նիկողոսեան կը ներկայացնէ Խազախստանը:
ՉԱՎԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՄԱՐԶԻՉ
Շաբաթ օր Պարսելոնայի վարչակազմը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ խումբին նորանշանակ մարզիչն է կազմի նախկին խաղացող Չավի Հերնանտէզը, որ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին ստանձնած էր Քաթարի «Էլսատ» ակումբի մարզիչութեան պատասխանատուութիւնը: Յիշենք, որ այս տարեշրջանին քաթալոնէական ակումբը ձախող արդիւնքներով հանդէս եկաւ, որուն պատճառով ալ վերջերս վարչութիւնը պաշտօնազուրկ ըրաւ հոլանտացի իր մասնագէտ մարզիչը՝ Ռոլան Քուման:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ