Երեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս Նախարարներու Խորհուրդի հերթական ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ քարիւղային արտադրութիւններու տագնապը պիտի լուծուի յառաջիկայ օրերուն ընթացքին։ Վարչապետը շեշտեց, որ լուրջ աշխատանք կը տարուի ժողովուրդին տունի օգտագործման կազ, մազութ եւ պէնզին ապահովելու գծով։ Վերջերս սուրիական կառավարութիւնը քարիւղային արտադրութիւններուն գինը բարձրացուց, եւ ներկայիս Սուրիոյ մէջ քարիւղային արտադրութիւններու լուրջ տագնապ գոյութիւն ունի։ Տագնապը բարդացուց տնտեսական պատժամիջոցները եւ տասնամեայ պաշարումը։