“Երկիր”._ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին շարք մը դէպքերէ վերջ ստեղծուած իրավիճակը։ «Հայկական կողմին նախաձեռնած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Փութին եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած շարք մը դէպքերէն վերջ ստեղծուած իրավիճակը: Համաձայնած են շարունակել շփումները այդ առնչութեամբ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։