“Երկիր”._Ատրպէյճանական օդանաւային ընկերութիւններու օդանաւերէն մէկը սկիզբը Պաքուէն ուղղուած է Նախիջեւան, Նախիջեւանէն վայրէջք չկատարելով, ուղղուած է աւելի հեռու՝ Սուրիա (Ռաքքա), ուրկէ ուղեւորուած է Նախիջեւան, ապա դէպի Պաքու։ Հաւանականութիւնը, որ ինքնաթիռը բեռնուած է ահաբեկիչներով, շատ մեծ է՝ նկատի առնելով, որ Ռաքքան կը գտնուի թրքական տիրապետութեան տակ։ Յիշեցնենք, որ թրքամէտ վարձկաններ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ պատերազմած էին նաեւ Արցախեան երկրորդ պատերազմին։ Զարմանալի է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային պատերազմի ընթացքին նոյնիսկ, ՀՀ իշխանութիւնները չեն փակած ՀՀ օդային սահմանը թշնամիին համար։