Չորեքշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Տեղեկատուութեան Նախարարութիւնը գուժեց Սուրիոյ արուեստագէտներու արհմիութեան նախագահ, հանրածանօթ դերասան Զուհէյր Ռամատանի մահը։ Ռամատան 62 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Դամասկոսի Ռազի հիւանդանոցէն ներս, թոքերու սաստիկ բորբոքումին հետեւանքով։ Հանգուցեալը 2014-էն ի վեր ստանձնած էր Սուրիոյ Արուեստագէտներու Արհմիութեան նախագահութիւնը, յաջորդաբար երկու շրջան, ինչպէս նաեւ տարիներ շարունակ անդամ էր Արհմիութեան Կեդրոնական Խորհուրդին։