“Երկիր”._Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ճիմ Քոսթան դատապարտած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները: Այս մասին ան գրառում կատարած է «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ: «Կը դատապարտեմ Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները ընդդէմ Հայաստանի: Կոչ կ’ուղղեմ պետական մարմիններուն օգնելու՝ վերատեսութեան ենթարկելու իրադրութիւնը, քանի դեռ մարդկային զոհերուն թիւը չէ բարձրացած: Ամերիկան պէտք է դէմ կենայ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն», յայտարարած է ան։