“Երկիր”._Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Այս մասին յայտնած է Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիան բանակցութիւններ վարած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի գործընկերներ Ճէյհուն Պայրամովին եւ Արարատ Միրզոյեանին հետ: Քննարկուած է տարածաշրջանի իրավիճակը։ Վրաստանի փոխվարչապետը անգամ մը եւս ընդգծած է տարածաշրջանի կայունութեան ամրապնդման եւ դրացի երկիրներու միջեւ լարուած իրադրութեան վերացման կարեւորութիւնը: Զալքալիան վերահաստատած է վրացական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ գործադրելու ամէն ջանք՝ յանուն տարածաշրջանի տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: