Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ  Ար­հի. Տէր Պետ­րոս Սրբ. Արք. Միր­ի­ա­թեա­նի, Կի­րա­կի, 14 Նո­յեմ­բեր 2021-ի առա­ւօտ­եան Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ալեմ­շահ» երգ­չա­խում­բին 75-ամ­եա­կին նուիր­ուած գո­հա­բա­նա­կան Ս. Պա­տա­րագ:
Երե­կոյ­եան, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ «Ալեմ­շահ» երգ­չա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 75-ամ­եա­կի յո­բե­լենա­կան հան­դի­սու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Աղա­ճան­եան» սրա­հէն ներս, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Գե­րա­պայ­ծառ Տի­րոջ, ներ­կա­յու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նոր­դին եւ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, առա­քի­նա­զարդ քոյ­րե­րու, ար­ժա­նա­պա­տիւ քա­հա­նայ հայ­րե­րու, հա­լէ­պա­հայ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ ալեմ­շա­հա­կան­նե­րու:
Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին բաց­ման խօս­քով երգ­չա­խում­բի վար­չու­թեան ատե­նա­պետ տի­ար Մար­տօ Տա­տաղլ­եան անդ­րա­դար­ձաւ  երգ­չա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան, անոր հիմ­նա­դիր եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Տէր Գրի­գոր Եպս. Այ­վազ­եա­նի, ինչ­պէս նա­եւ բո­լոր  խմ­բա­վար­նե­րու վաս­տա­կին, ապա ող­ջու­նեց աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն տա­րած­ուած ալեմ­շա­հա­կան­նե­րը եւ որդ­ի­ա­կան իրենց սէրն ու յար­գան­քը յայտ­նեց Գե­րա­պայ­ծառ Տի­րոջ:
Ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գիր, որուն ըն­թաց­քին հան­դէս եկաւ «Ալեմ­շահ» երգ­չա­խում­բը, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ տի­կին Մարգ­րիտ Պան­տա­քի, դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցութ­եամբ օր. Ռու­զան Պար­սում­եա­նի:
Երգ­չա­խում­բին պատ­մա­կա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցին տի­ար Յով­հան­նէս Պէ­ազ­պէք­եան եւ օր. Մա­րալ Տա­տաղլ­եան:
Ապա աշ­խա­րհա­տա­րած ալեմ­շա­հա­կան­ներ առ­ցանց իրենց շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քե­րը ուղ­ղե­ցին:
Աւար­տին օր­ուան խոր­հուր­դը ներ­կա­յա­ցուց Գե­րա­պայ­ծառ Տէ­րը, որ դի­տել տուաւ, թէ առանց երգ­չա­խում­բի, առանց շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեան, հայ եկե­ղե­ցին կը մնայ աղ­քատ, երգ­չա­խում­բը մեր աղօթք­նե­րը քու­լայ-քու­լայ կը բարձ­րաց­նէ դէ­պի եր­կինք:
Այս առի­թով պար­գե­ւատր­ուե­ցան երգ­չա­խում­բին ծա­ռա­յող նուիր­եալ­նե­րը:
Հան­դի­սու­թե­նէն ետք, տե­ղի ուն­եցաւ այս առի­թով պատ­րաստ­ուած կար­կան­դա­կի հա­տում, որուն ըն­թաց­քին խօսք առին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդը, Տէր Կո­մի­տաս աւագ քա­հա­նայ Տա­տաղլ­եանն ու Գերապատիւ Հայկ Վարդապետ Մակարեան:
Սր­բա­զան Հայ­րը Թե­մի ժո­ղո­վուր­դին, ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան անու­նով եւ անձ­նա­պէս իր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց Բեր­իոյ Թե­մի Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Առաջ­նորդ Արհ­ի­ա­պա­տիւ Տ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­աթ­եա­նին, Ս. Եր­րոր­դու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ մեծ ըն­տա­նի­քին, երգ­չա­խում­բի խմ­բա­վա­րին, դաշ­նա­կա­հա­րին եւ ան­դամ­նե­րուն, մաղ­թե­լով, որ 75 տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յո­ղա­կան ու­ղին շա­րու­նա­կեն՝ վառ պա­հե­լով հա­յե­րէն եր­գերն ու շա­րա­կան­նե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քէն ներս։
Թղթակից