Երե­սուն տա­րի­նե­րու կու­տակ­ուած կա­րօ­տը ամ­բող­ջու­թեամբ հետս բե­րի՝ ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻՔ։ Հա­յաս­տան հաս­տատ­ուե­լուս երկ­րորդ տա­րին ար­դէն թե­ւա­կո­խե­ցի։
Առա­ջին տա­րին այն­քան ալ դիւ­րին չէր, այն առու­մով, որ ոչ թէ մի­ջա­վայ­րը ան­ծա­նօթ էր, լե­զուն որոշ չա­փով նոր էր, սո­վո­րոյթ­նե­րը տար­բեր էին, այլ որով­հե­տեւ անց­եալ տա­րի ազ­գո­վին ապ­րե­ցանք դժո­խա­յին օրեր, ու­նե­ցանք մարդ­կա­յին եւ հո­ղա­յին ահ­ռե­լի կո­րուստ­ներ։ Եռաբ­լու­րի տա­րած­քը մեծ­ցաւ հայ­րե­նի­քի տա­րած­քին հա­շուոյն։ Արդ­եօ՞ք եթէ սփիւռ­քի մէջ ըլ­լա­յի այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, նոյն զգա­ցում­նե­րը պի­տի ապ­րէի, թէ՞ այս­տեղ հո­ղին ու­ժը  այլ ազ­դե­ցու­թիւն կը թո­ղու նե­րաշ­խար­հիդ մէջ: Ահա­ւո­րը այն էր, որ կը զգա­յի եւ դեռ կը զգամ, որ մեր հո­ղը, որուն վրայ տա­կաւ կր­ցայ կանգ­նիլ, քիչ-քիչ կը քա­շեն ոտ­քե­րուս տա­կէն։ Շատ դժ­ուար էր ոգեշնչ­ուած վե­րա­դառ­նալ երա­զա­յին հայ­րե­նիք եւ բա­խում ու­նե­նալ ան­տա­նե­լի իրա­կա­նու­թեան մը հետ։
Չա­փա­զան­ցած չեմ ըլ­լար եթէ ըսեմ, որ իւ­րա­քան­չիւր օր, երբ դուրս կու գամ տու­նէն, ին­ծի պահ մը կը թուի, թէ տա­կա­ւին առա­ջին օրս է հայ­րե­նի­քին մէջ։ Տա­կա­ւին տա­րի­նե­րու կա­րօտս չեմ կր­ցած յա­գեց­նել։
Տար­բեր զգա­ցում է նա­եւ իւ­րա­քան­չիւր ան­ձի հան­դի­պիլ ու խօ­սակ­ցիլ, հա­ղոր­դակ­ցիլ մայ­րենի­ով։ Թէ­եւ երկ­ճիւղ­ուած մայ­րենի­ով, սա­կայն հոգ չէ, այդ երկ­ճիւ­ղումն ալ մեր լեզ­ուին հարս­տու­թիւնն է։ Նպա­րա­վա­ճա­ռին, միրգ-բան­ջա­րե­ղէն վա­ճա­ռո­ղին, շի­նա­րա­րին, վար­պե­տին, վա­րոր­դին ու բո­լոր-բո­լո­րին հետ հա­յե­րէն կը խօ­սիս։
Մե­զի հա­մար միշտ ալ հա­ճե­լի էր արե­ւե­լա­հա­յե­րէն լսե­լը, բայց այս­տեղ ի յայտ եկաւ, որ տե­ղացի­ին հա­մար ալ հա­ճե­լի է արեւմ­տա­հա­յե­րէն լսե­լը, յատ­կա­պէս երբ կ’ըսեն. «Որ­քա՜ն սի­րուն կը խօ­սէք, որ­քան սի­րուն է արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը, միշտ էս­պէս խօ­սե­ցէ՛ք»։
Աշ­խա­տան­քիս բե­րու­մով «Դա­սա­ւան­դի՛ր Հա­յաս­տան» կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ գոր­ծուղ­ուած եմ Հա­յաս­տա­նի հիւ­սի­սը՝ Լոռիի մար­զի Մե­դով­կա գիւ­ղը։ Հե­տե­ւա­բար եթէ ոչ ամէն շա­բաթ, գէթ եր­կու շա­բա­թը ան­գամ մը կ’ու­նե­նամ ճամ­բոր­դու­թիւն։ Ճամ­բուս վրայ կ’անց­նիմ տասն­եակ գիւ­ղե­րէ, ինչ­պէս նա­եւ Ապա­րան, Սպի­տակ, Վա­նա­ձոր, Ստե­փա­նա­ւան եւ Տա­շիր քա­ղաք­նե­րէն։ Այս­պէս. իւ­րա­քան­չիւր քա­ղաք ու­նի իր պատ­կե­րը, մէ­կը միւ­սէն կը տար­բե­րի։ Կա­րե­լի չէ, զո­ր-օ­րի­նակ, անց­նիլ Սպի­տա­կէն ու չյի­շել 1988-ի ող­բեր­գու­թիւնը, բայց հեռ­ուէն պատ­կե­րը տար­բեր է, նոյ­նիսկ եթէ լսած չըլ­լաս այս երկ­րա­շար­ժին մա­սին, կա­րե­լի չէ կռա­հել, որ նման ճա­կա­տա­գիր մը ու­նե­ցած է ան։ Այս ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին միշտ ալ նոյն հար­ցու­մը կ’ուղղ­ուի ին­ծի, թէ չե՞մ յոգ­նիր այդ ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րէն, թէ ին­չո՛ւ այդ­քան յա­ճա­խա­կի կ’եր­թամ-կու գամ։ Հի­մա ըսէք, ինչ­պէ՞ս կր­նամ բա­ցատ­րել, որ ճամ­բու իւ­րա­քան­չիւր ծառն ու թու­փը ին­ծի հա­մար ազ­գա­յին պատ­մու­թիւն է։ Ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րեմ, որ իւ­րա­քան­չիւր ծառ իր խոր ար­մատ­նե­րով դա­րեր շա­րու­նակ կառ­չած մնա­ցած է հո­ղին ու մեզ­մէ կը պա­հան­ջէ, որ մենք մեր կար­գին կառ­չած մնանք սուրբ հո­ղին։ Ամե­նա­յատ­կան­շա­կա­նը այն է, որ ճամ­բուս վրայ կը հան­դի­պիմ Սի­սին ու Մա­սի­սին, կը զգամ, թէ անոնք ակա­նա­տեսն են մեր երկ­րի ող­բեր­գու­թեան։ Բայց հաս­տա­տա­պէս կը գի­տակ­ցիմ, որ իրենք եւս կը հա­ւա­տան մեր երկ­րի յա­րու­թեան։ Կա­րե­լի չէ այդ ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին չտես­նել Սիսն ու Մա­սի­սը ու չս­տա­նալ անոնց օրհ­նու­թիւնը, թէ­եւ եր­բեմն ամ­պե­րուն ետեւ պահ­ուը­տած կ’ըլ­լան անոնք։
Հի­մա աշուն է։ Դպ­րո­ցա­կան տա­րի­նե­րուն միշտ ալ սոր­ված ենք «Ոս­կի աշուն» ար­տա­յայ­տու­թիւնը։ Հի­մա կը հասկ­նամ այդ ար­տա­յայ­տու­թեան իմաս­տը։ Իս­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի աշու­նը ոս­կի է։ Կը հան­դի­պիս ծա­ռե­րու, որոնք հա­գած են դե­ղին գոյ­նի բո­լոր երանգ­նե­րով յա­գե­ցած տե­րեւ­ներ։ Ինչ­պէ՞ս չսի­րել բնու­թիւնը, երբ անոր հզօ­րու­թիւնը կը զգաս ամ­բողջ էու­թեամբդ՝ ըն­դա­մէ­նը մէկ քայ­լա­փո­խով։ Այդ քայ­լա­փո­խին կը լսես չոր տե­րեւ­նե­րուն խշր­տո­ցը, կը գի­տակ­ցիս, որ բնու­թիւնը ար­դէն յոգ­նած է ու քա­նի մը ամս­ուան հան­գիս­տի կա­րիք ու­նի։ Բնու­թիւնը կը հա­ւա­տայ, ինչ­պէս ազգս կը հա­ւա­տայ, որ յե­ղա­փո­խու­թիւն ու զար­թօնք պի­տի ապ­րի։
Մէկ խօս­քով՝ հայ­րե­նի­քի համն ու հո­տը, ջուրն ու օդը ու­րիշ են…
Պէթթի Քիլէրճեան