Մէկ տա­րին սա­հած էր ահ­ռե­լի տար­ուան վրա­յէն:
Մէկ տար­ուան ըն­թաց­քին շատ բան փոխ­ուած էր:
Մար­դիկ գաղ­թած էին երկ­րէն, ու­րիշ­ներ՝ վե­րա­դար­ձած: Ոմանք հինգ տարի­ով երի­տա­սար­դա­ցած էին, ու­րիշ­նե­րու դէմ­քին վրայ տա­րին դա­րե­րու հետք թո­ղած էր:
Աշու­նը այս տա­րի շատ գե­ղե­ցիկ էր:  Կ’ըսեն որ նո­րեկ աշուն­նե­րը նախ­կին աշուն­նե­րուն շա­րու­նա­կու­թիւնն են:
Նո­յեմ­բե­րի առա­ջին Կի­րա­կին էր, բայց եղա­նա­կը կար­ծես Սեպ­տեմ­բե­րի վեր­ջա­լոյ­սը կը դի­մա­ւո­րէր: Իս­կա­պէ՛ս: Նա­խորդ Սեպ­տեմ­բե­րի վեր­ջա­լոյ­սին կեան­քը կանգ առած էր, գո­նէ այս­տեղ հա­ւաք­ուած­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար: Կանգ­նած էին անշ­շուկ, գլ­խա­հակ: Անոնց աչ­քե­րը կը բոցկլ­տա­յին թախ­ծա­խառն հպար­տու­թեամբ մը, որուն նմա­նը դե­ռեւս չէր տեսն­ուած:
Աշուն մը սա­հած էր ահ­ռե­լի աշ­նան վրա­յէն…
Ան­դին զե­փիւ­ռը կը շո­յէր փար­թամ տե­րեւ­նե­րով ծառ մը, որ ճա­րա­հատ, խեղ­ճի մը նման կանգ­նած, ոչ մէկ ճիգ կ’ընէր ար­գի­լե­լու տե­րե­ւա­թա­փը:
Տե­րե­ւա­թափ… կեան­քա­թափ…:
Ծա­ռէն ոչ շատ հե­ռու հո­գե­հան­գիստ էր…
Հո­գե­հան­գի՜ստ…
Բայց ին­չո՞ւ, ինչ­պէ՞ս…
Մի­թէ անոնց հո­գի­նե­րը կր­նա՞ն հան­գիստ ընել տես­նե­լով նոր հո­ղա­տուու­թիւնը, ազ­գաս­պա­նու­թիւնը:
Աշու­նը գե­ղե­ցիկ էր այս տա­րի, բայց կեան­քը՝ ոչ:
Հա­ճե­լի էր դի­տել աշ­նան տե­րե­ւա­թա­փը, սա­կայն գա­րուն­նե­րու կեան­քա­թա­փը՝ Ո՛Չ…
Վեհան Պարսումեան