Ուրբաթ, 19 Նոյեմբեր 2021-ին, ծովափնեայ շրջանին իր տուած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Թարթուսահայութեան այցելեց, որմէ ետք ժամանեց Քեսապ, ուր դիմաւորուեցաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ անոր ատենապետ Աբրահամ Կարճիկեանի կողմէ: Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէր Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան:

Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ սրահէն ներս հայր սուրբին եւ թաղականութեան հետ ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ վերջին ժամանակաշրջանին Թեմի մակարդակով կատարուած աշխատանքներուն, հովուական առաքելութեան, Թարթուս կատարած իր այցելութեան եւ յառաջիկային Լաթաքիա, ապա Դամասկոս իր կատարելիք այցելութիւններուն:
Ան լսեց հայր սուրբին ու թաղականութեան առաջարկները, քաջալերեց անոնց ծառայութիւնը եւ գնահատեց քեսապահայութեան, Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի եւ յարակից բոլոր մարմիններուն տարած նուիրական աշխատանքը: