ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒ­ՐԵՐ ՍՈՒՐ­ԻՈՅ ՄԱՐ­ԶԱ­ԿԱՆ ԿԵԱՆ­ՔԷՆ
– Սուր­իոյ պաս­քե­թի աղջ­կանց հա­ւա­քա­կա­նը Յոր­դա­նա­նի մէջ կա­յա­ցած  Աս­իոյ Բ. մա­կար­դա­կի մր­ցա­շար­քին գրա­ւեց 5-րդ հո­րի­զո­նա­կա­նը: Մր­ցա­շար­քին հա­ւա­քա­կա­նէն բա­ցա­կա­յե­ցաւ Սուր­իոյ լա­ւա­գոյն մար­զու­հի Ալիս­իա Մա­կար­եա­նը, առող­ջա­պա­հա­կան պատ­ճա­ռով։ Աս­իոյ պաս­քե­թի դաշ­նու­թեան կա­նո­նագ­րին հա­մա­ձայն, խա­ղա­ցող­նե­րուն ար­գիլ­ուած է պաշ­տօ­նա­կան տա­րազ­նե­րուն տա­կէն այլ զգեստ­ներ հագ­ուիլ, իսկ Ալիս­ի­ան վեր­ջին տա­սը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ընդ­հան­րա­պէս խում­բի տա­րա­զին տա­կէն կը հագ­ուի առող­ջա­պա­հա­կան յա­տուկ զգեստ: Այս պատ­ճա­ռով կազ­մա­կեր­պիչ մար­մի­նը ար­գելք հան­դի­սա­ցաւ Ալիս­իա­յի մաս­նակ­ցու­թեան: Յի­շենք, որ հա­ւա­քա­կա­նը ար­ձա­նագ­րեց եր­կու յաղ­թա­նակ եւ երեք պար­տու­թիւն:
– Սուր­իոյ U19-ի պաս­քե­թի տղոց մր­ցա­շար­քին ՀՄԸՄ-ի կազ­մը 77-70 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց Իթ­թի­հա­տը, իսկ U13-ի տղոց մր­ցու­մին ՀՄԸՄ-ի փոք­րիկ­նե­րը 55-48 ար­դիւն­քով յաղ­թե­ցին Ճա­լ­ա­ա­ին:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՀԱ­ՒԱ­ՔԱ­ԿԱ­ՆԸ ԴԱՐՁ­ԵԱԼ ՊԱՐՏ­ՈՒԵ­ՑԱՒ
Հա­յաս­տա­նի Ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նը 1-4 ար­դիւն­քով  պար­տու­թիւն մը եւս կրեց 2022-ի աշ­խար­հի առաջ­նու­թեան ընտ­րա­կան փու­լի վեր­ջին հանգր­ուա­նին Գեր­ման­իոյ հետ իր հան­դի­պու­մին: Երե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մին կո­լե­րու բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին  գեր­մա­նա­ցի­նե­րը` Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի ձա­խող պաշտ­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով: Երկ­րորդ կո­լը դարձ­եալ հիւ­րե­րը նշա­նա­կե­ցին՝ VAR հա­մա­կար­գի օգ­նու­թեամբ, երբ գլ­խա­ւոր մր­ցա­վա­րը տե­սագ­րու­թեան մի­ջո­ցով նշա­նա­կեց 11 մեթ­րի հար­ուած: Եր­րորդ գն­դա­կը Գեր­ման­իոյ հա­ւա­քա­կա­նը ար­ձա­նագ­րեց Հա­յաս­տա­նի կազ­մի  դար­պա­սա­պա­հի անվս­տահ խա­ղին պատ­ճա­ռով: Նոյն պատ­ճա­ռով խում­բը նշա­նա­կեց չոր­րորդ կո­լը: Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի մի­ակ կո­լը եղաւ տու­գա­նա­յին հար­ուա­ծով: Այս­պի­սով, Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը կրեց  եր­րորդ անընդ­մէջ պար­տու­թիւնը, մր­ցա­շար­քին  ապա­հո­վեց 12 կէտ եւ գրա­ւեց 4-րդ դիր­քը:
ՄԱՆ­ՉԵՍ­ԹԸՐ ԻՒ­ՆԱՅ­ԹԸՏ ԿԸ ՓՈՐ­ՁԷ ՀԱ­ՄՈ­ԶԵԼ ԶԻ­ՏԱ­ՆԸ
Անգլ­ի­ա­կան Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թը­տը կը փա­փա­քի խում­բի գլ­խա­ւոր մար­զի­չու­թեան պաշ­տօ­նը վս­տա­հիլ Ռէ­ալ Մատ­րի­տի նախ­կին մար­զիչ ֆրան­սա­ցի Զե­նետ­տին Զի­տա­նին:  Ըստ  The Times-ին, ակում­բի ղե­կա­վա­րու­թիւնը կը փոր­ձէ հա­մո­զել ֆրան­սա­ցի մաս­նա­գէ­տը, որ ար­քա­յա­կան ակում­բէն հե­ռա­նա­լէ ետք ոչ մէկ աշ­խա­տանք ու­նի։ Զի­տա­նին հա­մո­զե­լու աշ­խա­տանք­նե­րու մէջ է նա­եւ Ռէ­ա­լի նախ­կին խա­ղա­ցող, փոր­թու­կալ­ցի Քրիստ­ի­ա­նօ Ռո­նալ­տոն: Զի­տա­նի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով հե­տաքրքր­ուած է նա­եւ Ֆրան­սա­յի Փա­րիզ Սան Ժեր­մա­նը, Ֆրան­սա­յի Ֆութ­պո­լի Դաշ­նու­թիւնը մտա­դիր է հա­ւա­քա­կա­նի մար­զի­չու­թեան պաշ­տօ­նը վս­տա­հիլ անոր:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ