Եւրոպական Միութիւնը յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են 15 Դեկտեմբեր 2021-ին հանդիպում ունենալ Պրիւքսէլի մէջ` Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի շրջագիծին մէջ: Հաղորդուած լուրին մէջ նշուեցաւ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել 19 Նոյեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` շարունակելու այս շաբաթ աւելի կանուխ տեղի ունեցած քննարկումները շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ 15 Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի նախապատրաստութեան վերաբերող: Եւրոպական խորհուրդի նախագահը առաջարկեց ընդունիլ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը` Պրիւքսէլի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունենալու: Առաջնորդները համաձայն գտնուեցան տեսակցելու եւ քննարկելու շրջանին մէջ տիրող իրավիճակն ու լարուածութիւնը յաղթահարելու ուղիները` յանուն կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի, բան մը, որուն կ՛աջակցի Եւրոպական Միութիւնը: Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պայմանաւորուեցան պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով ուղիղ կապ ստեղծել` իբրեւ դէպքերու կանխարգիլման մեքանիզմ: