Կիրակի, 21 Նոյեմբեր 2021-ին, յետ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան պատուիրակութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Ղնեմիէ հայկական գիւղը, ուր կը գտնուի պատմական Ս. Գէորգ եկեղեցին, երիցատունը, յարակից սրահը եւ հայ գիւղացիներու պատկանող հայկական բնակարաններ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին լաթաքիաբնակ ղնեմիէցիներ, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վահէ Կարճիկեան, թաղականութեան անդամ Աւօ Կարպուշեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան:
Սրբազան Հայրը այցելեց Ս. Գէորգ եկեղեցի, որ պատերազմի հետեւանքով վնասուած էր եւ մօտէն ծանօթացաւ անոր ներկայ իրավիճակին: Յիշենք, որ եկեղեցին ներկայիս ղնեմիէցիներու բարերարութեամբ եւ իրենց անձնական ճիգերով վերանորոգութեան ընթացքի մէջ է: Նորոգութիւնը ամբողջանալէ ետք յառաջիկայ ամիսներուն եկեղեցւոյ նոր խորանը պիտի օծուի:
Ղնեմիէն հայաբնակ գիւղ է, բնորոշուած է իր գեղատեսիլ բնութեամբ եւ տեսարժան վայրերով: Սուրիահայ միութիւններ տարիներ շարունակ արշաւներ եւ տարեկան բանակումներ կը կազմակերպէին այնտեղ: Ամէն տարի, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին յաջորդող Կիրակի օրը ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Ս. Գէորգ եկեղեցի եւ մատաղօրհնէք կը կատարուէր:
Սրբազան Հայրը իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ շրջագայեցաւ դալարագեղ գիւղէն ներս եւ տեսակցեցաւ հայ ընտանիքներու հետ: Ան մեծապէս գնահատեց ղնեմիէցիները եւ տեղւոյն բարերարները, որոնց անձնական ճիգերով պատմական եկեղեցին կը վերանորոգուի:
Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց, ըսելով, որ թէեւ Սուրիոյ մեր կարգ մը կառոյցները պատերազմի հետեւանքով վնասներ կրեցին, սակայն ահաւասիկ պատմական այս եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը, ինչպէս նաեւ Թեմի եկեղեցական, կրթական, մարզական եւ զանազան բնագաւառներէն ներս տարուող նորոգութեան աշխատանքները՝ սուրիահայութեան համար վերականգնումի, յոյսի եւ յաղթանակի խորհրդանիշ կը հանդիսանան:
Այս առիթով, կոչ կ’ուղղենք Ղնեմիէցիներուն, որպէսզի հաւաքական աշխատանքով պահպանեն այս գիւղը, որպէսզի շարունակէ շնչել հայօրէն:
Երեկոյեան, Սրբազան Հայրը վերադարձաւ Լաթաքիա: