Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ շրջանային 23-րդ ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 21 Նոյեմբեր 2021-ին, Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան մէջ։ Ժողովին ներկայ էին միութեան «Ն. Աղբալեան», «Հ. Օհանջանեան», «Վ. Նաւասարդեան» եւ «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղերու 22 պատգամաւորները, Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան, Շրջ. Վարչութեան եւ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներն ու հրաւիրեալներ։
Ժողովը քննարկեց անցնող տարեշրջանի Շրջանային Վարչութեան գործունէութիւնն ու նիւթական տեղեկագիրը եւ արժեւորեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան գործունէութիւնը։ Ապա ժողովը հանգամանօրէն քննարկեց յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութեան օրակարգը եւ համապատասխան բանաձեւերով ճշդեց անոր ուղին։
Ժողովի աւարտին կատարուեցաւ Շրջանային Վարչութեան նոր կազմին ընտրութիւնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Շրջ. Վարչութեան կազմը.
Մարալ Տիքպիքեան ատենապետ
Սալբի Թիւֆէնկճեան ատենադպիր
Կարօ Տէիրմէնճեան գանձապահ
Շուշիկ Ղազարեան հաշուապահ
Արամ Արամեան
Սագօ Խալոյեան
Սեւան Մանճիկեան (Քեսապ)
Ռաֆֆի Յակոբեան (Լաթաքիա)
Ռիթա Տէր Սարգիսեան (Գամիշլի)։
Դիւան
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային 23-րդ Ներկ. Ժողովի