Կիրակի 21 Նոյեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, աւանդաբար եպիսկոպոսական Պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը լաթաքիահայութեան ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ներկայութեամբ՝ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ անոր ատենապետ Վահէ Կարճիկեանի, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ Լաթաքիոյ յարակից շրջաններէն՝ Եագուպիէէն, Արամոյէն, Ղնեմիէէն ժամանած ուխտաւորներու մեծաթիւ բազմութեան:
Պատարագի առընթերականերն էին Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան եւ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան: Տօնական մթնոլորտի մէջ, եկեղեցւոյ դպրաց դասի հոգեպարար երգեցողութեամբ՝ հաւատացեալներուն հոգիները համակուեցան աստուածային օրհնութեամբ:
Օրուան պատգամին բնաբանն էր. «Փա՜ռք Աստուծոյ. Անոր՝ որ կարող է գերազանցօրէն աւելին ընել, քան այն ինչ որ մենք կը խնդրենք» (Եփ 3.20): Մեկնելով այս համարէն, Սրբազան Հայրը առաքեալին բառերով հաստատեց, թէ երբ հաւատքով ու նուիրումով Աստուծմէ բան մը կը խնդրենք՝ Ան գերազանցօրէն մեր խնդրածէն եւ խորհածէն շատ աւելին կը շնորհէ մեզի:
Անդրադառնալով Աստուածամօր տաճար ընծայման տօնին, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Մարիամ իր ողջ կեանքը Աստուծոյ ընծայաբերեց, ուստի փրկիչին մայրը ըլլալու շնորհքին արժանացաւ:
Սրբազան Հայրը ընդգծեց Աստուածամօր առաքինութիւնները՝ խոնարհ հոգին, կենդանի հաւատքը, Աստուծոյ նկատմամբ կոյր վստահութիւնը, աղօթական կեանքը, մաքրութիւնը, խոհեմութիւնը, հերոսական համբերութիւնը, ինչպէս նաեւ գթառատ եւ տառապող մօր տիպարը:
Մասիս եպիսկոպոս մատնանշելով Մարիամի մասնակցութիւնը Աստուծոյ փրկագործական ծրագրին, ըսաւ. «Մարիամի ողջ կեանքը Աստուծոյ հետ հանդիպում մըն էր: Ան երեք տարեկանին տաճար ընծայուեցաւ եւ մինչեւ երկինք համբառնալը Աստուծոյ հետ մնայուն հաղորդակցութեան եւ միութեան մէջ մնաց: Տաճարին մէջ ան աղօթեց, գործեց եւ Տիրոջ պատգամները լսեց: Ան ո’չ միայն տաճար այցելեց, այլեւ ինք տաճար եղաւ: Ուստի, եկեղեցին Մարիամն է, այսինքն՝ մայրն է, որուն գագաթը Քրիստոսն է»:
Եզրափակելով, Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Մարիամ հնազանդութեան խորհրդանիշ եղաւ եւ իր հաւատքի զօրութեամբ փոխակերպեց պատմութեան ընթացքը, օրինակ հանդիսանալով մեզի:
Վերադառնալով օրուան համարին, Մասիս եպիսկոպոս յայտնեց, թէ երբ մեր սուղ ժամերը Աստուծոյ կ’ընծայաբերենք, Պօղոս առաքեալի բառերով, Աստուած ալ մեզի կու տայ մեր խնդրածէն եւ խորհածէն շատ աւելին: Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան եւ նոր սերունդի զաւակներուն, որպէսզի նմանին Մարիամի եւ իրենց կեանքէն բաժին մը ծառայութեան ճամբով ընծայաբերեն Աստուծոյ՝ արժանի ըլլալու համար աստուածային երկնառատ շնորհքներուն:
Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւը, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, լաթաքիահայութեան բոլոր միութիւնները եւ գնահատեց անոնց ծառայողական ոգին, մաղթելով, որ բոլորին հաւաքական աշխատանքով եւ ծաղկուն գործունէութեամբ առաւել եւս պայծառանայ լաթաքիահայութեան կեանքը: Ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերը եւ Մարիամ անուն կրողները, անոնց մաղթելով առողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ:
Սրբազանը քարոզը փակեց աղօթքով, դիմելով Աստուածամօր բարեխօսութեան, որպէսզի Ամենակալը պաշտպանէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը, Արցախը, սուրիական մեր հայրենիքը եւ անոր իմաստուն Նախագահ տոքթ. Պաշար Ալ Ասատը:
Այնուհետեւ, լաթաքիահայութեան եւ թաղական խորհուրդին անունով, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը բարի գալուստի խօսք արտասանեց, Սրբազան Հօր մաղթելով արեւշատ եւ ծաղկուն տարիներ, որպէսզի իր հայրական հովանիին ներքեւ առաւել ծաղկի եւ բարգաւաճի Բերիոյ Հայոց Թեմը իր բոլոր շրջաններով:
Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած եւ հաւատացեալներով շրջապատուած ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր կատարուեցաւ աւանդական մատաղօրհնէքի արարողութիւն:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, ի պատիւ Սրբազան Հօր ճաշկերոյթ մը տրուեցաւ։
Սիրոյ սեղանին հրաւիրուած էին նաեւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան, Քեսապի թաղականութեան անդամ Վիգէն Լնդեան, Եագուպիէի, Արամոյի եւ Ղնեմիէի թաղականութիւնները ներկայացնող հայորդիներ։ Սրբազան Հայրը սիրոյ մթնոլորտի մէջ շրջապատուած էր Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, թաղական խորհուրդի, տիկնաց յանձնախումբի, դպրաց դասի անդամներով եւ սարկաւագներով։
Բացման խօսքով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը լաթաքիահայութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, ապա թաղականութեան ատենապետը խօսք առնելով ողջունեց Սրբազան Հօր օրհնաբեր այցելութիւնը։ Խօսք առաւ Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Հուրի Գարամարտեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր հովուական այցելութեան համար։ Սիրոյ սեղանը ճոխացաւ երգերով։
Աւարտին, Մասիս եպիսկոպոս կրկին անգամ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղականութիւնը, տիկնաց յանձնախումբը, մատաղի բարերարները եւ լաթաքիահայութիւնը, որոնք աւանդութեան համաձայն այս տարի եւս միասնաբար նշեցին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց սիրոյ սեղանը։