Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ. Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա ալ Խալիֆայի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին վերահաստատեց Յորդանանի զօրակցութիւնը Սուրիոյ։ Թագաւորը շեշտեց Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը։ Ան հաստատեց, որ տարածաշրջանի պետութիւններուն ներքին հարցերուն մէջ եւրոպական միջամտութիւնները պէտք է դադրին եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով ջանքերը պէտք է բազմապատկուին։