Անցնող շաբաթավերջին յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները հեռախօսազրոյցներ ունեցած են Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շառլ Միշէլի հետ եւ համաձայնած են դէմ առ դէմ հանդիպում ունենալ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 15 Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ։ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Ազատութեան» «Դիմատետրի ասուլիսի» ընթացքին անդրադարձած է Փաշինեան-Ալիեւ սպասուող հանդիպումին: Հատուածներ ասուլիսէն. «Միշտ հանդիպումը գերադասելի է կրակոցներէն, պատերազմէն, սակայն այս պարագային գործ ունինք իրավիճակի հետ, երբ թուրք-ատրպէյճանական հովանաւորը յարձակում կազմակերպած է, յարձակողական պատերազմ հրահրած է, գերեվարած է մեր քաղաքացիները, միւս կողմէն փորձած է ստեղծել երկխօսութեան միջավայր», անդրադառնալով Փաշինեան-Ալիեւ սպասուող հանդիպումին` ըսաւ Արծուիկ Մինասեան։ «Երկրորդ հարցը, որ ի դէմս Հայաստանին` գործ ունինք իշխանութեան մը հետ, որ ոչ միայն բացայայտ եւ առնուազն գոնէ ընկալելի ձեւով չի հաղորդակցուիր իր քաղաքացիներուն, պատասխանատու անձերուն հետ, այլեւ ինքնուրոյն կամ ինչ-որ մէկուն թելադրանքով մեկուսի քաղաքականութիւն է կը վարէ, այս տեսակէտէն հանդիպումը կրնայ վտանգներ պարունակել իր մէջ», – շարունակեց ան: Իբրեւ օրինակ` ընդդիմադիր պատգամաւորը յայտնեց «իսկապէս վտանգաւոր է պետականութիւնն ու ժողովուրդը սպառնացող մոտեցումները». «Բանաւոր ըմբռնումին հիման վրայ կրնանք նոր կորուստներու ու զիջումներու ականատես ըլլալ», նկատեց ան: Բացի այդ, Արծուիկ Մինասեան հռետորական հարց ուղղած է` տարածքները յանձնելէն վերջ ի՞նչ է` պատերազմ ու զոհեր չեղան. «Սա վկայութիւն է, որ այս մարդը այլեւս իր առկայութեամբ, իր ներկայութեամբ ինք սպառնալիք դարձած է մեր պետութեան համար», ըսաւ ան: Սիւնիքի մարզի երկու ատրպէյճանական անցակէտերու առկայութեան պարագային, ընդդիմադիր գործիչը շեշտեց. «Գորիս-Կապան ճամբու երկու կարեւորագոյն հատուածները յիշենք. «Քանի չունիս երաշխաւորուած անվտանգութիւն, ի՞նչ տրամաբանութեամբ քու հրահանգդ օգնում, որ դու նահանջես այդ դիրքերից, տրամաբանությունն ու բացատրությունը ո՞րն է: Քաշաթաղի ու այն բնակավայրերը, որոնք 9 Նոյեմբերի դրութեամբ կը գտնուէին հայկական ԶՈՒ_ի տիրապետութեան տայ, ի՞նչ տրամաբանութեամբ էր, որ հայկական զինեալ ուժերը պէտք է դուրս գային այդտեղէն առանց որեւէ երաշխիքի, որ քաղաքացիներուն կամ զինուորականներուն նկատմամբ, օրինակ, բռնութիւններ չի գործադրուին»: