Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՄԱԿ UNMAS-ի (United Nation Mine Action Servise) միջեւ 25 Հոկտեմբերին ստորագրուած համաձայնագիրով , 21 Նոյեմբերին Դամասկոս ժամանած է Հայաստանի Հանրապետութեան ՙՙՄարդասիրական Ականազերծման Եւ Փորձագիտական Կեդրոն՚՚ ՊՈԱԿ-ի ականազերծեղներու խումբը՝ ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Վաղինակ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Հայ ականազերծողները համաձայնագիրով իրականացուցած են Դամասկոսի արուարձանի Տարայա աւանի գիւղատնտեսական նշանակութեան մօտաւորապէս 2 մլն. քմ. հողատարածքներու մակերեսային եւ խորքային մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներ: 22 Նոյեմբերին Սուրիոյ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան ընդունած է ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Վաղինակ Սարգսեան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է իրականացուելիք ծրագիրներու հետ կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ հայ մասնագէտներու Սուրիոյ մէջ աշխատանքներու իրականացման հետ կապուած մանրամասնութիւններ: ՊՈԱԿ-ի ղեկավարը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ UNMAS-ի (ՄԱԿ Ականազերծման Ծառայութեան) ղեկավարութեան եւ սուրիական կողմը շահագրգռող կառոյցներու ղեկավարներուն հետ: