Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժեր զինուորական բազմաթիւ սարքաւորումներու շարասիւն մը դուրս հանեցին Հասիչէի արուարձանի «Խրապ ալ Ճիր» օդակայանէն դէպի Իրաք՝ «Ուալիտ» ապօրինի միջանցքէն, ԱՄՆ-ի ուժերուն յատուկ պատերազմական օդանաւ մը հսկեց շարասիւնին դուրս բերման գործողութեան։ Աղբիւրը աւելցուց, որ 40 զինուորական սարքաւորումներու շարասիւն մը եւս դուրս եկաւ օդակայանէն դէպի Իրաք։