Երկուշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 9։00-ին, Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբ.Նահատակաց վարժարանի հնամեայ շրջափակը անգամ մը եւս թնդաց իր աշակերտներուն ծափողջոյններով, երբ վարժարան այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանը։ Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին Արժ. Տ.Գառնիկ քհնյ. Չափանեան, տեղւոյս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան եւ թաղական խորհուրդէն տիար Աւօ Կարպուշեան։
Վարժարանիս տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութիւնը ջերմապէս ընդունեցին Սրբազան հայրը և անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
«Առաւօտ Լուսոյ» աղօթքէն եւ սուրիական քայլերգէն ետք, տնօրէնուհի տիկ. Հուրի Տէիրմէնճեան, Ազգ. Սրբ. Նահատակաց վարժարանի մեծ ընտանիքին անունով բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան հօր, եւ շեշտեց թէ հովուական այս այցելութիւնը ցնծութեամբ կը լեցնէ մեր աշակերտներուն ջինջ հոգիները և կը խրախուսէ ուսուցչական կազմը, բծախնդրութեամբ շարունակելու իրենց վստահուած նուիրական աշխատանքը։Ապա պետական տնօրէնուհի տիկ. Պատրիէ Խտըր Սալէմ իր խօսքով ողջունեց սրբազան հօր գալուստը, եւ Սուրիական Հայրենիքի հովանիին տակ յաջողութիւն մաղթեց անոր սրբազան առաքելութեան։
Այնուհետեւ աշակերտները կարգերու հերթականութեամբ, հայաշունչ ոգիով և մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուցին գեղարուեստական հակիրճ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր հայ լեզուին և Արցախին նուիրուած ասմունքներ եւ ազգաշունչ երգեր։
Սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները և իր հայրական պատգամով դիտել տուաւ, որ այս վարժարանը գանձարան է, որուն մէջ թաքնուած են մեր գերագոյն գանձերը՝ հայ աշակերտները։ Ապա շեշտեց, որ անզուգական է սփիւռքի տարածքին հայ դպրոցին դերակատարութիւնը, որուն գուրգուրոտ յարկին տակ, հայ ուսուցիչները մեր ազգային արժէքներն ու հարստութիւններըկը փոխանցեն նորահաս սերունդներուն, զանոնք դաստիարակելով որպէս ամբողջական հայեր և հզօր պաշտպաններ մեր հայրենիքին ու արդար իրաւունքներուն։
Սրբազան հայրը սրտի անհուն գոհունակութեամբ երախտագիտական խօսք ուղղեց Սուրիական Հայրենիքին և անոր վսեմաշուք նախագահին, և հպարտութեամբ նշեց, որ սուրիական երկնակամարին տակ մեզի վիճակուած ազատութեան շնորհիւ, մենք կը պահենք ու կը պահպանենք մեր ազգային արժէքներն ու մեր մայրենի լեզուն։
Խանդավառուած վարժարանիս մէջ տիրող հայաբոյր մթնոլորտէն, սրբազան հայրը բարձր գնահատեց յայտագրի պատրաստութեան բծախնդիր աշխատանքը, եւ գովեստի յատուկ խօսքեր ուղղեց վարժարանիս հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, իրենց տարած ազգանուէր աշխստանքին համար, զանոնք համարելով յառաջապահ պաշտպանները այս ազգային կառոյցին։
Ապա սրբազան հայրը այցելեց մանկապարտէզի երեք դասարանները, ունկնդրեց անոնց մանկական շուրթներէն բխած հայկական ոտանաւորները և իր հայրական օրհնութեամբ ողջունեց վարժարանիս մանուկները ու արեւշատ օրեր մաղթեց անոնց։
Հուսկ, «Արարատ» սրահէն ներս, սրբազան հայրը մտերմիկ զրոյց եւ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանիս տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան և ուսուցչուհիներուն հետ, բարձր գնահատելով անոնց տարած աշխատանքը։ Հանդիպումը վերջ գտաւ սրբազան հօր յաջողութեան և խաղաղութեան օրհնաբեր մաղթանքներով։