“Ապառաժ”._Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հրապարակած է զեկոյց հայ ռազմագերիներու նկատմամբ ատրպէյճանական ապօրինի հետապնդումներուն եւ դատավարութիւններուն առնչութեամբ. «Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրապարակած է զեկոյց Ատրպէյճանի կողմէն գերեվարուած հայ զինուորական ծառայողներու եւ քաղաքացիական անձերու՝ կեղծ մեղադրանքներուն վրայ հիմնուած հետապնդումներուն եւ դատավարութիւններուն մասին։ Զեկոյցին մէջ ներկայացուած են տուեալներ հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական գերեվարուած անձերու նկատմամբ կազմակերպուած շինծու եւ անօրինական դատավարութիւններու մասին, որ «Պատերազմի ընթացքին քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան մասին» եւ «Ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին» Ժնեւի համաձայնութեան կոպտագոյն խախտում է։ Կազմակերպուած 45 ապօրինի, անհիմն ու շինծու դատավարութիւններուն հետեւանքով 3 անձ (մէկը քաղաքացիական) դատապարտուած է 20 տարուան, 2 անձ՝ (քաղաքացիական) 15 տարուան, 23 անձ՝ 6 տարուան, 2 անձ՝ 4 տարուան, 13 անձ՝ 6 ամսուան բանտարկումի։ 2 հայ ռազմագերիներու նկատմամբ շինծու քրէական գործերու նիւթերը կը գտնուին (Գեանջայի) Գանձակի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ։ Իրականացուող ապօրինի դատավարութիւններու ենթարկուած հայ ռազմագերիներէն 5-ը 19 Հոկտեմբեր 2021_ին հայրենադարձած են։ Սակայն այս պահուն Ատրպէյճանի մէջ անհիմն մեղադրանքներով դատապարտուած են 40 հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքացիական անձինք»։