“Երկիր”._ 23 Նոյեմբերին, ատրպէյճանական «AZAL» օդանաւը Հայաստանի օդային տարածքով թռիչք կատարած է Նախիջեւանէն Պաքու։ Flightradar24.com-ի փոխանցած տուեալներուն համաձայն, օդանաւը սաւառնած է Վայոց ձորի մարզի Ջերմուկի, Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիսի, ինչպէս նաեւ Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու վրայէն, այնուհետեւ ուղեւորուած է Պաքու։ Նշենք, որ Հայաստանի օդային տարածքով ատրպէյճանական օդանաւային ընկերութիւններու առաջին թռիչքը սկսաւ Հոկտեմբեր 2021_ին, երբ «AZAL»-ը ներքին չուերթ կատարեց Պաքու-Նախիջեւան-Պաքու երթուղիով։