Չորեքշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կարելի է 100.000 ս.ո.-ի փոխարէն անմիջական անցագիր ստանալ ։ Նախարարութիւնը 18 Նոյեմբեր 2021-ին, յայտարարած էր, որ անոնք, որոնք կը փափաքին անցագիր ստանալ կամ նորոգել իրենց ունեցածը, կրնան նախարարութեան կայքին միջոցով պահանջ ներկայացնել։ Սակայն 100.000 ս.ո. վճառելով կարելի է անմիջապէս անցագիր ստանալ՝ առանց պահանջ արձանագրելու։