Չորեքշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Կլիմայի Փոփոխութեան Հարցը» նիւթին շուրջ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբը կազմակերպած դասախօսութիւնը, ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնի «Գ.Համալեան» սրահէն ներս:
Սօսի Փիլաւճեան բացման խօսքով անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի լայնածաւալ գործունէութեան, դիտել տալով, որ ան մարդկութիւնը յուզող հարցերու շուրջ իր դրական ներդրումը բերելու չէ զլացած: Ապա օրուան նիւթին անդրադառնալով յայտնեց, որ երկրագունդի ջերմաստիճանի փոփոխութիւնը ազդած է մարդկութեան վրայ, հետեւաբար մարդկութիւնը դժբախտութեան առաջնորդող հիւանդութիւններ, պատերազմներ եւ բնական աղէտներ կը յառաջանան: Ապա ան հրաւիրեց օրուան դասախօսը՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանը, ներկայացնելու նիւթը:
Սրբազան հայրը ներկաները հրաւիրեց հետաքրքրուելու կլիմայով, որպէսզի առողջ մոլորակ ունենանք, ապա յայտնեց, որ կ’ապրինք կլիմայական ճգնաժամ մը եւ պետութիւններ յատուկ կարեւորութիւն կու տան այս օրակարգին: Ան պարզեց մարդկութեան աղէտալի վիճակը՝ աշխարհը նմանցնելով տան մը, որուն ապականած մթնոլորտէն կը գունատին բոյսեր, կենդանիներ եւ այլն, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն կ’ունենայ մոլորակին վրայ: Ան դիտել տուաւ, որ երկրագունդի ջերմաստիճանը կը բարձրանայ համայն մարդկութեան աւերիչ գործերուն հետեւանքով: Այս բոլորին առաջքը առնելու սրբազան հայրը հարկ համարեց, որ մեծ պետութիւններ աշխատանք տանին պահպանելու բնութիւնը, հետեւաբար նաեւ մարդկութիւնը փլուզումէն:
Աստուածաշունչը Բ.Օրինաց 30.15-ին մէջ մարդուն առջեւ կը դնէ կեանքն ու մահը եւ ընտրութիւնը մարդկութեան կը յանձնէ: Հաւանական է, որ մարդը ընտրէ կեանքը, ուրեմն այդ պարագային պէտք է պաշտպանէ բնութիւնը, որպէսզի պահպանէ կեանքը: Մարդկութեան պատասխանատուութիւնն է ապահովել ապագայ եւ առողջ միջավայր յառաջիկայ սերունդներուն համար: Աստուած կատարելագործեց աշխարհը եւ յանձնեց մարդուն, որպէսզի մշակէ ու խնամէ զայն, ոչ թէ շահագործէ իր բարիքին համար: Քաղաքական եւ տնտեսական լուրջ հարցեր ազդեցութիւն ունին, սակայն մեր հոգեւոր եւ բարոյական պարտքն է հրատապ այս հարցով մտահոգուիլն ու լուծումներ առաջարկելը: Ամէն բան Աստուծոյ կը պատկանի: Ան Տէրն է տիեզերքին, սակայն գիտնականները ունին իրենց իւրայատուկ տեղը մարդու մարմինին բժշկութեան եւ հոգիի պահպանութեան բոլոր ասպարէզներէն ներս: Աշխարհը Աստուած տուաւ մարդուն ոչ թէ անոր տիրութիւն ընելու բացասական հասկացութեամբ, այլ՝ մշակելու եւ պահելու համար, ինչպէս կը յիշուի Ծննդոց 2.15-ին մէջ՝ «մշակէ՛ եւ պահէ՛»: Սա կը նշանակէ, որ ոչ միայն նիւթականով՝ արտը, հողը եւ գետինը հարկ է պաշտպանել, այլեւ՝ Աստուծոյ օրհնութիւնները։ Ըստ Սաղմոս 24-ին, երկիրը մեզի չի պատկանիր, այլ՝ մենք տնտեսներ ենք եւ կոչումն ունինք պահպանելու զայն վտանգներէն։ Յիսուս աշխարհ եկաւ եւ յարաբերեցաւ, շօշափեց, տեսաւ, ապրեցաւ բնութեան մէջ՝ անապատին, ծովուն, լիճին ու լերան վրայ։ Հետեւաբար երկիրը իր դերակատարութիւնը ունեցաւ Յիսուսի գործին ընթացքին մէջ։ Աստուծոյ ծրագիրը իրագործուելու համար աշխարհը պէտք է պահպանուի, որովհետեւ ան միջոց է ուղղուելու դէպի հոգեւոր աշխարհ։ Մարդուն եւ Աստուծոյ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ աշխարհի վրայ եւ Աստուած աշխարհը սիրեց ու ամէն ինչ բարի եւ կատարեալ էր։ Մենք ալ պէտք է սիրենք աշխարհը եւ հոգ տանինք անոր: Տասնաբանեային մէջ կ’ըսուի. «սիրեցէ՛ք զիրար»: Միայն անձեր չէ, որ պէտք է սիրենք, այլեւ՝ բնութիւնը։ Տասնաբանեան նաեւ կ’ըսէ՝ «մի՛ սպաններ», միայն մարդ սպաննելէ զերծ մնալ չի թելադրուիր այստեղ, այլեւ՝ բնութիւնը քանդելէ։
Ուստի, երբ չենք գործադրեր այս բոլորը, մեղք գործած կ’ըլլանք Արարիչին եւ իր տուած օրհնութիւններուն դէմ», հաստատեց սրբազան հայրը։
Ապա սրբազան հայրը թուեց քայլեր, որոնց հարկ է հետեւիլ.
1- Մտահոգուիլ այս օրակարգով եւ ձայն բարձրացնել, բացատրելու համար ապագայի վտանգը՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութիւնները օգտագործելով։
2- Այս նիւթին շուրջ լաւ իմացութիւն եւ գիտակցութիւն ունենալ։
3- Ինքնաշարժի գործածութիւնը նուազեցնել եւ փոխարէնը հանրակարգ օգտագործել։
4- Բոյս ուտել եւ մսակերութիւնը նուազագոյնի իջեցնել։
5- Արեւուն ջերմուժը օգտագործել՝ ապականութիւնը նուազեցնելու համար։
Սրբազանը խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Որքան արագ կ’ընթանայ կլիմայի փոփոխութեան ընթացքը, նոյնքան արագօրէն կրնանք առաջքը առնել անոր՝ նուազեցնելով պատճառները: Ջերմաստիճանի բարձրացման պատճառը մարդն է, ուստի մարդը պէտք է սատարէ անոր նուազեցման»։
Աւարտին, յանձնախումբի ատենապետ Հուրի Մաղաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր այս օգտաշատ նիւթի ներկայացման համար եւ յանձնախումբին անունով յատկանշական յուշանուէր մը նուիրեց անոր:
Մարինա Պօզեաքալեան