Երեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց Պասսամ Սապպաղ ՄԱԿ-ի Ապահովական Խորհուրդին յարկէն ներս «Փոքր եւ թեթեւ զէնքերու ապօրինի առեւտուր» խորագիրով նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա կը շեշտէ ապօրինի զէնքերու առեւտուրը դադրեցնելու կարեւորութիւնը եւ կը հաւատայ, որ ՄԱԿ-ի զէնքերու Կանխարգիլման Կազմակերպութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունի այս իմաստով։ Սապպաղ աւելցուց. «Սուրիոյ տասնամեայ պատերազմին ընթացքին կարգ մը պետութիւններ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն, յատկապէս ՏԱՀԵՇ-ին եւ «Ճապհէթ ալ Նուսրա»ին, զէնք տրամադրեցին, որուն հետեւանքով հազարաւոր սուրիացիներ զոհուեցան եւ երկիրը ահաւոր քանդումի ենթարկուեցաւ»:
Սապպաղ եզրափակելով ըսաւ, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն մօտ փոքր, թեթեւ եւ այլ տեսակի զէնքերու գոյութիւնը կը սպառնայ ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան։