Թուրք­իոյ խորհր­դա­րա­նի ընդ­դի­մա­դիր քր­դա­մէտ «ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան» (HDP) պատ­գա­մա­ւոր Կա­րօ Փայ­լան թր­քա­կան «Halk TV»-ի եթե­րով կոշտ քն­նա­դա­տու­թիւն­ներ  հն­չե­ցու­ցած է Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հին եւ ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցա­պե­տե­րուն հաս­ցէ­ին:
Փայ­լան Թուրք­իոյ նա­խա­գահ Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղա­նը նմա­նե­ցու­ցած է նա­ցիստ­նե­րու առաջ­նորդ Ատոլֆ Հիթ­լե­րին:
Անոր հա­մա­ձայն, Թուրք­իոյ նա­խա­գա­հին պաշ­տօ­նը պէտք է ան­պայ­ման ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­ներ դա­ւա­նող գոր­ծիչ մը զբա­ղեց­նէ եւ պէտք չէ եր­կի­րը յանձ­նել ֆա­շիստ­նե­րուն:
Ան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մե­ղադ­րած է տն­տե­սու­թեան մէջ ստեղծ­ուած իրա­վի­ճա­կին, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ թր­քա­կան ազ­գա­յին ար­ժոյ­թի՝ թր­քա­կան լի­րա­յի ան­նա­խա­դէպ ար­ժեզրկ­ման հար­ցով վա­րած սխալ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ ար­տա­քին ու ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան սխալ­նե­րուն հա­մար:
Փայ­լան գլ­խա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր քե­մա­լա­կան «ժո­ղովր­դա­հան­րա­պե­տա­կան» կու­սակ­ցու­թեան (CHP) առաջ­նորդ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուն եւ ազ­գայ­նա­կան «լաւ» (IYI) կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Մե­րալ Աք­շե­նե­րը քն­նա­դա­տած է իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ յս­տակ դիր­քո­րո­շում ու­նե­ցած չըլ­լալ­նուն եւ քր­տա­մէտ կու­սակ­ցու­թեան մա­սին հա­կա­սա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս եկած ըլ­լալ­նուն հա­մար: