Ամերիկացի հայամէտ ծերակուտական Պոպ Մենենտես օրինագիծ մը ներկայացուցած է Ծերակոյտի քննարկման, որով կոչ կ’ուղղուի ԱՄՆ-ի կողմէ Թուրքիոյ չվաճառուած F-35 գերժամանակակից կործանիչները փոխանցել Յունաստանին:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, օրինագիծը արդէն ներկայացուած է Ծերակոյտի քննարկման: Գալ շաբաթ ան քննարկումի կը դրուի:
Յիշենք, որ թրքական լրատուամիջոցներ անհանգստացած են Մենենտեսի ներկայացուցած վերոնշեալ օրինագիծէն՝ նկատի առնելով վերջին շրջանին թուրք-յունական լարուած յարաբերութիւնները:
Շարք մը աղբիւրներ կը կարծեն, որ եթէ Յունաստանին փոխանցուին այդ կործանիչները, յունական զինուած ուժերը օդային գերակայութիւն կ’ունենան Էգէեան ծովու աւազանին մէջ թրքական կողմին նկատմամբ:
Յիշեցնենք, որ ամերիկեան կործանիչները Թուրքիոյ չվաճառուեցան, քանի որ Անգարան Ռուսաստանէն ձեռք բերած էր S-400 զենիթահրթիռային ՀՕՊ (Հակաօդային Պաշտպանութեան) համակարգեր, որուն հետեւանքով Ուաշինկթըն կիրառեց պատժամիջոցներ:
Պատժամիջոցներէն մէկուն հետեւանքով Թուրքիա չստացաւ ամերիկեան վերոնշեալ կործանիչները: Անգարա նաեւ դուրս մղուեցաւ այդ կործանիչներուն արտադրութեան ծրագիրէն: