«Երկիր Մետիա».-24 Նոյեմբերին, ժամը 14:50-ին, Հայաստանի սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածը հաստատուած  մարտական յենակէտին մէջ յայտնաբերուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ժամկէտային զինուորական ծառայող, շարքային Սուրէն Ռոմանի Աւետիսեանի (ծնեալ 2001-ին) դին` գլուխի հրազէնային վիրաւորումով:

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ դէպքին հանգամանքները լիարժէքօրէն պարզելու համար քննութիւն կատարուած է:

Աւելի ուշ, լրագրող Ոսկան Սարգսեան յայտնած է, որ Կոթիի սահմանային դիրքին վրայ 19 տարեկան զինուոր մը զոհուած է:

«3 ժամ առաջ Տաւուշի մարզի Կոթի գիւղի դիրքերէն մէկուն մէջ ատրպէյճանական զինուժի կրակէն, գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած է ժամկէտային զինուորական ծառայող մը, որ հիւանդանոց փոխադրման ընթացքին մահացած է: Զոհուած զինուորը 2001-ի ծնեալ էր, Երեւանի բնակիչ», գրած է տաւուշցի լրագրողը: